3.7 Միլիոն Տոլար Կը Հաւաքուի Ի Նպաստ Հայաստանի Երեխաներուն
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/12/Noubar-Afeyan-Garo-Armen-Ambassador-John-Evans-300x225.jpg)
ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 11ին, Նիւ Եորքի «Քիփրիանի» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի մանուկներու հիմնադրամին (COAF) տարեկան դրամահաւաքի հաւաքոյթը՝ ի մի բերելով Հայաստանի Լոռի մարզին մէջ նոյն հիմնադրամի կրթական «SMART» կեդրոնի իրականացման ջատագով համակիրներ:
Արհեստագիտական սարքաւորումներով հարստացուած կեդրոնը կարելիութիւն պիտի ընծայէ Լոռի մարզի գիւղական շրջաններու բնակչութեան՝ կրթական շարք մը ծրագիրներու հետեւելու։
Դրամահաւաքի ձեռնարկին ներկայ եղած են Հայաստանի մանուկներու հիմնադրամի հիմնադիր դոկտ. Կարօ Արմէն, համաատենապետներ Թոնի Շաֆրազի, Խաժակ եւ Մարիամ Քիլեճեաններ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Ճան Էվընզ, Փօլ Գալուստեան, Հենրի եւ Փըրիշա Հէյներ, Ճորճ Պաղումեան, Ճան Մահտէսեան եւ այլ հրաւիրեալներ։
Հանդիսավարը եղած է դերասանուհի Քերոլայն Ռէան. ընթացքին ելոյթ ունեցած է «Թոնի» մրցանակին արժանացած Քրիսթին Էպըրսոլ եւ շարք մը այլ արուեստագէտներ։
Ձեռնարկին ընթացքին մեծարուած է Նուպար Աֆէյեանը՝ իր մարդասիրական աշխատանքներուն համար։ Նաեւ, կարելի եղած է գոյացնել 3.7 միլիոն տոլարի հասնող նուիրատուութիւններ, որոնց շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ ընդարձակել Հայաստանի գիւղերուն մէջ այս կազմակերպութեան բարեսիրական աշխատանքները:
Հայաստանի մանուկներու հիմնադրամը (COAF) բարեգործական կազմակերպութիւն մըն է, որուն նպատակն է կրճատել Հայաստանի գիւղական շրջաններուն մէջ աղքատութեան մակարդակը՝ համայնքային զարգացման շարք մը ծրագիրներու միջոցով: Հիմնադրամի կրթական, առողջապահական, ընկերային եւ տնտեսական ծրագիրներէն ցարդ օգտուած են Հայաստանի գիւղական համայնքներու աւելի քան 30,000 բնակիչներ:
Ձեռնարկին ու կազմակերպութեան մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.coafkids.org կայքը:
Այս մասին կը յայտնէ Ասպարէզ: