Պուխարեստի Մէջ Կայացաւ Վարուժան Ոսկանեանի «Իմ Չգրուած Բանաստեղծութիւններու Գիրքի» Շնորհանդէսը

Պուխարեստի Գանտակուզինօ պալատին մէջ Դեկտեմբեր 14 ին տեղի ունեցաւ հայ գրող եւ քաղաքական գործիչ Վարուժան Ոսկանեանի «Իմ չգրուած բանաստեղծութիւններու գիրք»ի (Cartea poemelor mele nescrise, Ed. Polirom, Bucuresti 2015) շնորհանդէսը, որ հեղինակը բնութագրած է որպէս որոշ չափով ինքնակենսագրական:
Ձեռնարկին հրաւիրեալներուն մէջ էին Ռումանիոյ Ծերակոյտի նախագահ Գալին Փոփեսկի Տարիչանուն, նախկին ԱԳ նախարար Թէոտոր Մելեշկանուն, Ռումանիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Համլէտ Գասպարեան, Ռումանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Տաթեւ Եպս. Յակոբեան, քաղաքական գործիչներ, մտաւորականներ: Շնորհանդէսը զուգակցուած է երաժշտութեամբ եւ ասմունքով: Ելոյթներ ունեցած են բանաստեղծ Մարիան Տրակիչը եւ գրաքննադատ Ալեքս Շտեֆանեսկուն: Վերջինս ընդգծած է Ոսկանեանի հանճարն ու հումորը. «Ոսկանեանի հիմնական որակը իր եռացող հանճարն է: Չափազանց խելացի եւ ստեղծարար է: Կը թուի` անոր գիրը ֆոսֆոր կը պարունակէ, ինչ որ փայլուն բան»:
Շտեֆանեսկուն գնահատած է նաեւ Ոսկանեանի ստեղծագործութեան մէջ հայկական մշակոյթի առկայութիւնը եւ նշած, որ անոր գիրքերուն մէջ «Կ’արժեւորուի հայկական աւանդոյթի մոռացուած ֆոլքլորը»: «Մեր մօտ հայկական աւանդոյթները չափազանց քիչ գնահատուած են: Այդ պատճառով ալ հաւատացած եմ, որ «Շշուկներու մատեանը» արժանի է Նոբելեան մրցանակի, առանց որեւէ չափազանցութեան, քանի որ նորութիւն կը բերէ», աւելցուցած է գրաքննադատը: Անոր կարծիքով, Վարուժան Ոսկանեան կը կենդանացնէ ռումանական մշակութային կեանքը:
«Իմ չգրուած բանաստղծութիւններու գիրքը» կը պատմէ պատերազմէն ետք ծնած երեխաներու տխուր սերունդին մասին, որոնց համար 1989թ. դէպքերը չեն թուլացուցած ողբերգութեան չափը, ինչպէս նաեւ կ’ընդգծէ բանաստեղծութեան վիճակը իսկութենէ զուրկ աշխարհի մէջ: