ՀՄԸՄ-Ի կեդրոնական վարչութեան Ա. լիագումարի հաղորդագրութիւն

ՀՄԸՄ-ի նորընտիր Կեդրոնական վարչութիւնը իր քառամեայ նստաշրջանի (2015-2019) Ա. լիագումար նիստերը գումարեց 6-8  դեկտեմբեր 2015-ին, Երեւանի մէջ:

Ժողովը գլխաւորաբար կեդրոնացաւ ՀՄԸՄ-ի Պատգամաւորական 11-րդ Ընդհանուր ժողովի որոշումներուն եւ առաջարկներուն գործադրութեան ծրագիրներուն վրայ:

Կեդրոնական վարչութիւնը քննարկեց յառաջիկայ քառամեակի իր աշխատելաոճի ուղղութիւնները եւ աշխատանքներու ծրագրման ու հետապնդման բաժանում կատարուեցաւ անդամներուն միջեւ:

Ժողովը կեդրոնացաւ նաեւ սոյն քառամեակին զուգադիպող (2018-ին) միութեան 100-ամեակը արժանաւորապէս նշելու ծրագիրներուն վրայ` մարզական, սկաուտական եւ կազմակերպական մարզերուն մէջ:

Քննարկուեցաւ նաեւ շրջանային եւ մեկուսի շրջաններու կազմակերպական գործունէութիւնը: Կեդրոնական վարչութիւնը բիւրեղացուց իր մասնաճիւղերուն թիւը` վերցնելով այն մասնաճիւղերը, որոնք կազմալոյծ վիճակի մէջ եղած են տարիներ շարունակ: Յետ բիւրեղացման, յստակացաւ, որ ՀՄԸՄ-ի աշխարհասփիւռ մասնաճիւղերուն թիւը 105 է:

Կեդրոնական վարչութիւնը անդրադարձաւ Եւրոպայի, Վրաստանի եւ Ռուսիոյ մէջ նոր կազմաւորուող շրջաններու կազմակերպական իրավիճակին: Լուսարձակի տակ առնուեցաւ 9 դեկտեմբեր 2015-ին ծրագրուած` Թիֆլիսի մէջ ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղին հիմնադրութիւնն ու խմբապետական գործուղումներու նախաձեռնելու անհրաժեշտութիւնը: Մոսկուայի Մեկուսի շրջանը վերաշխուժացնելու կարելիութիւնները արծարծուեցան եւ որոշուեցաւ գործուղումներով վերսկսիլ աշխատանքի:

Յառաջիկայ քառամեակի առաջնահերթութիւններէն մին նկատուեցաւ մշակումը դաստիարակչական ծրագիրներու, որոնք պիտի միտին զարգացնել ու միութենական ոգին զօրացնել միութեան շարքերուն մէջ:

Սկաուտական ծիրին մէջ շեշտը դրուեցաւ սկաուտական գիրքերու այժմէականացման եւ արդի արհեստագիտութեան համապատասխանող տարբերակներ ունենալու հրամայականին վրայ: Անհրաժեշտ նկատուեցան քոյր մասնաճիւղերու դրութեան աշխատանքը նոր մօտեցումով զարգացնելն ու միջազգային սկաուտական ծրագիրներուն մէջ ՀՄԸՄ-ականներուն մասնակցութիւնը ապահովելը:

Տնտեսական բաժինով քննարկուեցան քառամեայ ծրագիրներու յաջողութեան համար նիւթականի ապահովման կարելիութիւնները` տնտեսական ծրագիրներու ճամբով:

Մարզական բաժինով անդրադարձ կատարուեցաւ Համա-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ մարզախաղերուն իրականացման համար ընձեռուած կարելիութիւններուն, մանաւանդ որ կը նախատեսուի մասնակիցներու թիւի յաւելում` նկատի ունենալով շրջաններուն մէկէ աւելի խումբերով ներկայանալու Պատգամաւորական ժողովի որոշումը: Նաեւ որոշուեցաւ կեդրոնանալ շրջաններուն միջեւ մարզական ոգիի ամրապնդման վրայ:

Արհեստագիտական տեղեկատուութեանց բաժինով, նկատի ունենալով նախորդ քառամեակի իրագործումները, որոշուեցաւ շարունակել «Կուկըլ»ի հետ համագործակցութիւնը եւ կեդրոնանալ կայքի ու ընկերային ցանցերու միջոցով ՀՄԸՄ-ի աշխարհասփիւռ գործունէութեան տեղեկատուութիւնը փոխանցելու անհրաժեշտութեան վրայ:

«Մարզիկ» պաշտօնաթերթին գծով որդեգրուած որոշումներու քննարկման լոյսին տակ ծրագրուեցաւ եռամսեայ տպագրական թիւի կողքին «Մարզիկ»-ի ելեկտրոնային տարբերակը ունենալ եւ ընկերային ցանցերու ու կայքին միջոցով թերթը երկլեզու դրութեամբ հասանելի դարձնել կարելի եղածին չափ մեծաթիւ ընթերցողներու:

Կեդրոնական վարչութեան ուշադրութեան առարկան դարձաւ նաեւ ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ մասնաճիւղերու դժուար իրավիճակը` քաղաքական եւ ապահովական պայմաններու բերումով: Բարոյական եւ շրջաններու միջոցով նիւթական օժանդակութիւններու փոխանցումը անհրաժեշտութիւն նկատուեցաւ այս հանգրուանին:

Վարչական անդամներ պատրաստելու եւ զանոնք աշխատանքի մղելու պարագան կազմակերպական առաջնահերթութիւն նկատելով` վարչութիւնը որոշեց անյապաղ ծրագրել ու գործադրել Միջդիւանական խորհրդաժողովը:

Ռազմավարական ծրագրաւորումի նախապէս որդեգրուած պատկերացումը պիտի գործնականացուի Կեդրոնական վարչութեան աշխատանքային տարբեր մարզերուն մէջ` ծրագիրը միշտ այժմէականացնելու եւ փորձառութեան հիման վրայ բարեփոխումներ կատարելու անհրաժեշտութիւնը նկատի ունենալով:

Կեդրոնական վարչութիւնը յստակացուց քառամեայ գործունէութեան ժամանակաշրջանի իր ծրագիրներուն ժամանակացոյցը` հետեւեալ ձեւով.

Համա-ՀՄԸՄ-ական խմբապետական 7-րդ համագումար – յուլիս 2016
Միջդիւանական 9-րդ խորհրդաժողով – հոկտեմբեր 2016
Համա-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ մարզախաղեր – յուլիս-օգոստոս 2017
Միութեան 100-ամեակի հանդիսաւոր նշում – 2018
Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ բանակում – օգոստոս 2018
Պատգամաւորական 12-րդ Ընդհանուր ժողով – սեպտեմբեր 2019

ՀՄԸՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Երեւան, 10 դեկտեմբեր 2015

Scroll Up