«Հայկական Պար Եւ Հայկական Ճարտարապետութիւն» Ձեռնարկը Նշանաւորուեցաւ Դաւիթ Ստեփանեանի Գիրքի Շնորհանդէսով
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/12/312.jpg)
Դեկտեմբեր 10-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ տեղի ունեցաւ Ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու համահայկական ընկերակցութեան (ՃՃՀԱ) «Հայկական պար եւ հայկական ճարտարապետութիւն» ձեռնարկը, որուն ծիրէն ներս կայացաւ ճարտարապետ Դաւիթ Ստեփանեանի «Հայերէն խօսող յուշարձաններ» գիրքի շնորհանդէսը:
Գիրքի անգլերէն տարբերակը տպագրուած է ՃՃՀԱ-ի եւ հայերէն տարբերակը` «Կայթ» արուեստի զարգացման նախաձեռնութեան աջակցութեամբ:
Ժողովածուն նախատեսուած է շարունակական ըլլալ եւ ասիկա առաջին հատորի տպագրութիւնն է, որ բացի հայկական շրջանակներէն, ուղղուած է նաեւ օտարազգի մասնագէտներուն` նպատակ ունենալով նպաստել հայկական ճարտարապետական ժառանգութեան մասին իրազեկման բարձրացման:
Ձեռնարկին կը մասնակցէր ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Վահագն Մելիքեան:
Ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան Հայաստանի ճարտարապետներու միաւորման նախագահ Մկրտիչ Մինասեան եւ Ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու համահայկական ընկերակցութեան համանախագահ Գոհար Թութունճեան:
Ներկայացուեցան անուանի հայ ճարտարապետներ Ռաֆայէլ Իսրայէլեանի, Ճիմ Թորոսեանի, Սարգիս Գուրզադեանի ստեղծագործութեան վերլուծութիւնները, եղան բանախօսութիւններ:
Ձեռնարկը շարունակուեցաւ ազգային պարերու բաց դասով, իսկ ամենաաշխոյժ մասնակիցներուն յանձնուեցան նուէրներ: