Հայաստանի Հանրակրթութեան Ոլորտը Այլ Երկիրներէ Եկած Դպրոցականները Ընդելուզելու Խնդիր Ունի
ՀՀ հանրակրթութեան ոլորտը կարիք ունի լուրջ փոփոխութիւններու, որպէսզի հնարաւոր ըլլայ ընդելուզել այլ երկիրներէ ժամանած օտարալեզու խումբերը: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, յայտնած է Save The Children կազմակերպութեան տնօրէն Արսէն Ստեփանեանը:
«Հայաստանում ապաստան գտած հիմնականում սիրիահայ ընտանիքների երեխաների` կրթական համակարգում ինտէգրման համար մենք պէտք է գիտակցենք առկայ տարբերութիւնները, նոր մօտեցումներ ցուցաբերենք բացերը լրացնելու համար: Խնդիրը միայն Սիրիայից եւ այլ երկրներից Հայաստան տեղափոխուած փախստականների մէջ չէ: Եթէ մենք ցանկանում ենք, որ իրենք ինտէգրուեն, առաջին հերթին մենք պէտք է փոխուենք»,- ըսած է Արսէն Ստեփանեան:
Save The Children կազմակերպութեան տնօրէնը նշած է, որ կարեւոր կը համարէ տնտեսական ընդելուզումը` իբրեւ սիրահայերու աջակցութիւն, սակայն միայն ատով փախստականներու ընդելուզման խնդիրները հնարաւոր չէ լուծել: Ան նաեւ կարեւոր համարած է մշակութային ու հասարակական տեսանկիւնները, որոնք պէտք է ամրագրուած ըլլան համընդհանուր ռազմավարական մօտեցման մէջ, ուր նշուած պիտի ըլլայ իւրաքանչիւր ոլորտը ներկայացնող կառոյցի դերը փախստականներու ընդելուզման հարցով: «Այս տարուայ ընթացքում երեխաների ինտէգրման նպատակով իրականացուած աշխատանքների շրջանակում հայերէնի, ռուսերէնի, մաթեմատիկայի արտադպրոցական պարապմունքներ են արուել»,- նշած է Արսէն Ստեփանեան:
Խօսելով Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայ փոքրիկներու ընդելուզման դժուարութիւններուն մասին` Save The Children կազմակերպութեան ղեկավարը մատնանշած է նաեւ այն հանգամանքը, որ հայաստանցի փոքրիկները կը խաղան հայաստանցիներու հետ, սուրիահայերը` սուրիահայերու: Անոր կարծիքով ատիկա ունի իր պատճառները` լեզուական, մշակութային, սնունդի եւ նոյնիսկ հագուստի տարբերութիւնները: