Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ընդունեց Թեհրանի Փոխքաղաքապետը

Դեկտեմբեր 9-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունեց Թեհրանի (Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւն) փոխքաղաքապետ դոկտ. Մահմուտ Սալահը` ուղեկցութեամբ ՀՀ-ի մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սեյէտ Քազեմ Սաճատը:

Ողջունելով պաշտօնական պատուիրակութեան այցը համայն հայութեան հոգեւոր կեդրոն` Ամենայն Հայոց Հայրապետը ընդգծեց, որ այսպիսի իւրաքանչիւր այցելութիւն նոր ներդրում է երկու երկիրներու միջեւ ձեւաւորուած համագործակցութեան մէջ:

Այս կապակցութեամբ Նորին Սրբութիւնը աւելցուց, որ Հայ Եկեղեցին եւս իր նպաստը պէտք է բերէ այդ կապերու ամրապնդման գործին:  Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը գոհունակութեամբ անդրադարձաւ Ահլ Ալ-Պէյթի Համաշխարհային Համագումարի գլխաւոր քարտուղար Այաթոլլա Մոհամմատ Հասան Ախթարի` Հայաստան կատարած այցին` նշելով, որ միջկրօնական շփումները նոյնպէս կարեւոր մաս կը կազմեն երկու ժողովուրդներուն միջեւ առկայ բարեկամութեան:

Հանդիպման դոկտ. Մահմուտ Սալահին, ուրախութիւն յայտնելով Մայր Աթոռ այցելելու առիթով, Ամենայն Հայոց Հայրապետին փոխանցեց Թեհրանի քաղաքապետի ողջոյնները: Փոխքաղաքապետը մասնաւորապէս խօսեցաւ Հայաստանի եւ Իրանի ընդհանրութիւններու, մշակութային առընչութիւններու, ինչպէս նաեւ Իրանի մէջ քրիստոնեայ եւ իսլամ ժողովուրդներու խաղաղ ու համերաշխ համակեցութեան մասին:

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը գնահատանքով արձանագրեց նաեւ Իրանի իշխանութիւններու կողմէ Իրանի մէջ գործող հայկական եկեղեցիներու եւ մշակութային կեդրոններու նկատմամբ ցուցաբերուող հոգածու վերաբերմունքը:

Զրոյցի ընթացքին Գարեգին Բ Կաթողիկոսը եւ դոկտ. Մահմուտ Սալահին անդրադարձ կատարեցին աշխարհի մէջ տեղ գտնող ծայրահեղականութեան դրսեւորումներուն` վստահութիւն յայտնելով, որ միջազգային հանրութեան ջանքերով մարդկային կեանքէն կը վերացուին նման երեւոյթները:

Հանդիպման ներկայ էր Մայր Աթոռի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժինի տնօրէն Գերաշնորհ Տ. Նաթան արքեպիսկոպոս Յովհաննիսեան:

 

Scroll Up