ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութիւնը Պարգեւատրեց Իր Բարերարներէն Պերճ Կիւլպէնկեանը

Շաբաթ, 5 դեկտեմբեր 2015-ին, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը պարգեւատրեց իր բարերարներէն Պերճ Կիւլպէնկեանը, որ տասը տարիներէ ի վեր կը հոգայ 100-է աւելի կարօտեալներու եւ անտէր ծերերու շաբաթը միօրեայ ճաշը:

2004-ի աւարտին Պերճ Կիւլպէնկեանի առաջադրանքով եւ ֆինանսաւորումով, ԼՕԽ-ը սկսաւ 100 կարօտեալ եւ անտէր ծերերու շաբաթը մէկ օր տաք ճաշ հրամցնել: Բարերարին փափաքն էր, որ 100 ծերերէն 10-ը ըլլան լիբանանցի արաբներ` առ ի երախտագիտութիւն Լիբանանի հիւրասէր ժողովուրդին եւ անոր վերաբերմունքին, որ ցուցաբերեց հայ ժողովուրդին նկատմամբ, երբ 1915-ի Ցեղասպանութենէն ճողոպրած անտէր եւ անտուն հայեր ապաստան գտան Լիբանանի մէջ:

Սոյն ծրագիրին սկսելէն քանի մը տարի ետք, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը եւս ստանձնեց շաբթուան մէջ, երկրորդ օր մը ճաշ հայթայթելու ֆինանսաւորումը: Ներկայիս խոհանոցի ծրագիրէն կ՛օգտուին շուրջ 130 ընտանիքներէ 180 պարագաներ, որոնցմէ, բացի անօգնական ծերերէն, կ՛օգտուին նաեւ ընկերային եւ տնտեսական ծանր պայմաններ ունեցող ընտանիքներ:

Berdj-Gulbenkian1_120815

Շնորհիւ Կիւլպէնկեանի քաջալերանքին այս գործունէութիւնը վերածուած է իսկական հիմնարկութեան մը, որ իր «Ճաշ եփելու արուեստը» շարունակական դասընթացքներով, իր աւարտականներով, «Վարդուհի Տեկիրմենճեան» խոհանոցին մէջ պատրաստուած համադամ ճաշերով, կու գայ հոգալու համայնքին մէջ կարիք մը:

Այս պատճառով ալ, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը որոշեց խորհրդանշական յուշանուէրով մը իր, «Վ. Տեկիրմենճեան» խոհանոցի յանձնախումբին, ծերունիներուն եւ պարագաներուն անունով, սրտագին շնորհակալութիւն յայտնել Պերճ Կիւլպէնկեանին, ընկերական մտերմիկ շրջանակի եւ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ` ներկայութեամբ բարերարներ Պերճ Կիւլպէնկեանին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեանին, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Նելլի Վէքիլեանին, պատկան մարմնի ներկայացուցիչ Յակոբ Հաւաթեանին, Շրջանային վարչութեան, ԼՕԽ-ի բարեկամներու, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի տնօրէն Մերի Չոլոյեանին, կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքի պատասխանատու Վերժին Խորշիտեանին եւ «Վ. Տեկիրմենճեան» խոհանոցի յանձնախումբի անդամներուն, որոնց անունով իր սրտի խօսքը ուղղեց յանձնախումբի անդամ Անի Պաղտիքեան:

Այս մասին կը յայտնէ Ազդակ:

Scroll Up