Փաթրիք Մալաքեան 66 Հայ Պարող Հիւրընկալած Է Ֆրանսայի Մէջ

Ֆրանսահայ նշանաւոր բեմադրիչ եւ սենարիստ Անրի Վերնոյի որդին` կինոգործիչ, ՀԲԸՄ Մարսէլի մասնաճիւղի նախագահ Փաթրիք Մալաքեան, “Նարեկ” պարախումբը հրաւիրած էր Ֆրանսա: Օրեր առաջ հայ պարողները համերգ-ներկայացմամբ ելոյթ  ունեցած են Մարսէլ եւ Գասիս քաղաքներուն մէջ, կը գրէ BRAVO.am-ը:

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի եւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան Նորքի հայորդաց տան պարախումբի գեղարուեստական ղեկավար Արման Ջուլհակեան այս այցի մասին BRAVO.am-ին յայտնած էր դեռ մէկ տարի առաջ: Նախորդ տարի Փաթրիք Մալաքեան ներկայ  եղած է խումբի երեւանեան ելոյթին, հաւնած եւ ցանկութիւն յայտնած անոնց հրաւիրել Ֆրանսա.“Հենց Փաթրիքի մտայղացմամբ մշակուեցաւ սենարը, ես զբաղուեցայ պարերով, բեմադրիչն ալ Դրամատիկական թատրոնի բեմադրիչ Գրիգոր Խաչատրեանն է: Սիւժէն այնպէս  կառուցած էինք, որ պարերը փոխկապակցուած կը շարունակուէին առանց ընդմիջման”:

“Նարեկ” պարախումբը ելոյթ ունեցած է Ֆրանսայի մէջ

Խօսելով ներկայացման մասին` Արմանը ըսած է, որ այն անուանած են “Յաւերժութիւն”.“թեման հայերու յաւերժութեան հարցն է, թէ հայը ով է, ինչ արհաւիրքներու միջով  անցած է եւ ուր հասած: Միախառնած էինք ամենատարբեր ժանրեր` դասական, ազգագրական, լատինօ, քանթրի, արժանթինական թանկօ, նաեւ կը մասնակցէին Նորքի հայորդաց տան կրկէսային դպրոցի սաները եւ “Գեղարդ” երգչախումբի մենակատար Լուիզա Երեմեան: Հանդիսատեսի շարքին կային նաեւ ֆրանասացիներ, զուիցերիացիներ եւ այլազգիներ: Հրաշալի ընդունելութիւն ու մթնոլորտ էր, նոյնիսկ առաջարկեցին յաջորդ տարի մեկնիլ Լիոն, Փարիզ, Ժնեւ եւ Միլան”:

 

Scroll Up