Արցախի Առաջնորդն Ու Վարչապետը Առաջնորդարան Կ՛այցելեն
ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի (ՀՀՀ) թելեթոնին մասնակից ըլլալու առթիւ Լոս Անճելըս իրենց այցելութեան ժամանակ, Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեան եւ իրենց ընկերակցող պատուիրակութիւնը Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 25ին այցելութիւն մը տուին Ազգային առաջնորդարան եւ հիւրընկալուեցան առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի ու ժողովականութեան անդամներուն կողմէ: Արցախի առաջնորդին եւ վարչապետին կ՛ընկերանային Միացեալ Նահանգներու մօտ Արցախի մշտական ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան, ՀՀՀի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեան, Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի փոխհիւպատոս Վալերի Մկրտումեան, ՀՀՀի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու նախագահ Անդրանիկ Պաղտասարեան եւ գործադիր տնօրէն Սարգիս Գոթանճեան, իսկ առաջնորդին կողքին էին Ազգ. կեդրոնական վարչութեան անդամ Վահէ Եագուպեան, Կրօնական ժողովի, Ազգային վարչութեան եւ Ազգ. առաջնորդարանի տիկնանց օժանդակ մարմինի անդամներ: Հանդիպումին ներկայ եղաւ նաեւ Ռումանիոյ Ծերակոյտի անդամ եւ հայ համայնքի նախագահ Վարուժան Ոսկանեան:
Հանդիպումը սկսաւ ողջոյնի խօսքերու փոխանակումով, ապա շարունակուեցաւ մտերմիկ զրոյցով: Առաջնորդը գոհունակութիւն յայտնեց Արցախի հոգեւոր ու պետական առաջնորդներու այցելութեան առիթով եւ վերահաստատած առաջնորդարանիս ու շրջանի հայութեան զօրակցութիւնը՝ Արցախին ու անոր քաջարի ժողովուրդին:
Հիւր վարչապետը ընդհանուր գիծերու մէջ խօսեցաւ Արցախի կտրած հանգրուաններուն ու Շուշիի պատմական դերին մասին՝ յիշեցնելով, որ քաղաքը դարերէ ի վեր եղած է հայկական մշակոյթի կարեւոր կեդրոն, իսկ ներկայիս թեւակոխած է համեմատաբար աւելի արագ զարգացումի շրջան մը: Ան մանրամասնօրէն խօսեցաւ այս տարուան թելեթոնին գլխաւոր նպատակին մասին՝ նշելով, որ որոշուած է առաջին հերթին բնակարան տրամադրել հինգ եւ աւելի զաւակ ունեցող ընտանիքներու, ինչպէս նաեւ պատերազմական վիճակի հետեւանքով վնասներ կրածներուն: Այս ու նման ծրագիրներ ի մտի ունին ոչ միայն Արցախի այսօրը, այլ նաեւ ապագան, որպէսզի շրջանին մէջ բնակչութեան աճ արձանագրուի, բանակը ունենայ հզօր յենարան եւ տնտեսական-ընկերային վիճակը բարելաւուի: Վերջապէս, ան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց սրբազանին ու Ազգ. առաջնորդարանի ընտանիքին, ինչպէս նաեւ Արամ Ա. կաթողիկոսին, անոր զօրակցութեան ու տրամադրած նպաստին համար: Վարչապետը յիշեցուց, որ Արցախի մէջ կայ «Կիլիկիա» թաղամասը, որ կանգնած կը մնայ կաթողիկոսարանին ու անոր թեմերուն տրամադրած օժանդակութեան շնորհիւ:
Արտասանուեցան ողջոյնի այլ խօսքեր: Ազգ. վարչութեան փոխատենապետ դոկտ. Տիգրան Պապիկեան իր կարգին գոհունակութիւն յայտնեց, որ մեր ժողովուրդը առիթը ունի մասնակից ըլլալու այս ազգաշէն գործին եւ զօրակցութիւն յայտնեց Արցախին: Վ. Եագուպեան եւս գոհունակութիւն արտայայտեց Արցախի մէջ տարուած աշխատանքին համար՝ նշելով, որ Արցախ այցելողները ականատես կ՛ըլլան տարուէ տարի արձանագրուած բարելաւումներուն: Տիկնանց օժանդակ մարմինի ատենապետուհի Ծովիկ Զէյթլեան ձայնակցեցաւ Արցախի մեր ժողովուրդի զօրակցական կեցուածքներուն եւ յաջողութիւն մաղթեց Արցախի պետութեան ու ժողովուրդին:
Մտերմիկ զրոյցի մը պահուն, վարչապետը որոշ տեղեկութիւններ տուաւ Արցախի շուրջ 250 գիւղերու բնակչութեան կարիքներուն մասին եւ մանրամասնութիւններ հաղորդեց պատերազմի զոհերու, թոշակառուներու եւ մնայուն օժանդակութեան կարօտող բնակիչներու թիւերուն մասին:
Հրաժեշտի պահուն, սրբազանը յուշանուէրներ յանձնեց Արցախի առաջնորդին, վարչապետին ու անոնց ընկերակիցներուն:
Այս մասին կը յայտնէ Ասպարէզ: