Դեկտեմբեր 6՝ Ջուլֆայի Խաչքարերու Քանդումի Յիշատակման Օր Քոլորատոյի Մէջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/12/1208colorado.jpg)
ՏԵՆՎԸՐ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Կիրակի, Դեկտեմբեր 6ին հրապարակուած պաշտօնական հռչակագիրով մը, Քոլորատոյի նահանգապետ Ճան Հիքընլուփըր Դեկտեմբեր 6, 2015ը հռչակեց Ջուլֆայի մէջ Ատրպէյճանի կողմէ աւելի քան 200 խաչքարերու ցեղասպանական քանդումի տասնամեակի յիշատակման օր։
Հռչակագիրին մէջ նաեւ կը շեշտուի, թէ այս տարուան Ապրիլ 24ին Տենվըրի մէջ գտնուող Քոլորատոյի խորհրդարանի շէնքին առջեւ զետեղուած եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած յուշարձանը Ջուլֆայի մէջ քանդուած խաչքարերէն մէկուն օրինակով պատրաստուած էր, միաժամանակ՝ կոչ կ՛ըլլայ նահանգի բոլոր քաղաքացիներուն, որ խաչքարը այցելելով՝ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեն։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Էլէն Ասատրեան դրուատեց այս յայտարարութիւնը։
Տասնամեակ մը առաջ Ատրպէյճանի կողմէ æուլֆայի մէջ իրագործուած խաչքարերու ցեղասպանական քանդումին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.djulfa.com կայքը։
Այս մասին կը յայտնէ Ասպարէզ: