«Երախտագիտութիւն» Մետալ` Հրանդ Թոխատեանին Ու Արտակ Հերիքեանին

Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան Դեկտեմբեր 8-ին ստորագրած է հրամանագիր, համաձայն որուն` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մատուցած ծառայութիւններու,  «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ձեռնարկներու կազմակերպման գործին մէջ ունեցած աւանդի համար «Երախտագիտութիւն» մետալով պարգեւատրուած են դերասան, Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդական արուեստագէտ Հրանդ Թոխատեան եւ «Արմենիա»  հեռուստաընկերութեան «Ժամը» լրատուական ծրագիրի տնօրէն եւ արտադրող Արտակ Հերիքեան:

Այս մասին կը յայտնեն  Արցախի հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի  տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն:

Scroll Up