ՀՄԸՄի Շրջանային Վարչութիւնը «Ծառայութեան» Շքանշանով Գնահատեց 16 Քոյր-Եղբայրներ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/12/1203HMEM-prlt1.jpg)
Շաբաթ, 21 Նոյեմբեր 2015ի երեկոյեան, ՀՄԸՄի Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղի սրահը ժամադրավայրը դարձած էր ՀՄԸՄականներուն, որոնք սրահ փութացած էին մասնակից դառնալու ՀՄԸՄի Օրուան տօնախմբութեան եւ իրենց երախտագիտութիւնը յայտնելու այս կազմակերպութեան, որ ծնունդ առաւ, որպէսզի առողջ միջավայր մը ստեղծէ հայ երիտասարդութեան:
Ներկայ էին թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ Վիգէն Դաւիթեան եւ Աւստրալիայէն հիւրաբար շրջանս գտնուող Վիգէն Քորթեան, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ ՀՄԸՄական Կարօ Իսբէնճեան, ՀՄԸՄի 40րդ Նաւասարդեան մարզախաղերու պատուոյ նախագահ Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեաններ, Համազգայինի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչներ, անցեալի պատուոյ նախագահներ, Տիպար ՀՄԸՄականներ, մասնաճիւղերու վարչականներ, հիւրեր եւ բազմաթիւ անդամներ:
Ձեռնարկի բացումը կատարուեցաւ Ամերիկայի, Հայաստանի եւ ՀՄԸՄի քայլերգներու մեներգումով, զոր կատարեց ՀՄԸՄի «Արարատ» մասնաճիւղի Գործադիր խմբապետուհի Իւանա Գրիգորեան: Իսկ ձեռնարկի հանդիսավարութիւնը ձեռնհասօրէն կատարեցին ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի փոխխմբապետուհի Նաթալին Հինտոյեան (հայերէն) եւ «Արարատ» մասնաճիւղի միաւորի խմբապետ Շանթ Միրզայեանս (անգլերէն):
«Այսօր համախմբուած ենք տօնախմբելու ՀՄԸՄի Օրը եւ գնահատելու այն հարիւրաւոր անձնաւորութիւնները, որոնք մեր սիրելի կազմակերպութիւնը հասցուցին այս մակարդակին, եւ մենք, մեր միասնական աշխատանքով, պիտի շարունակենք մեր հիմնադիրներուն սկսած գործը եւ պիտի որոշենք այս հզօր կազմակերպութեան փայլուն ապագան», ըսին անոնք:
Սեղաններու օրհնութիւնը կատարեց եւ հայրական իր օրհնութիւնները փոխանցեց, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, որ ըսաւ. «Երբ այսօր համախմբուած ենք ՀՄԸՄի Օրուան տօնակատարութիւնը միասնաբար վայելելու, առաջին հերթին պէտք է խոնարհինք յիշատակին առջեւ բոլոր անոնց, որոնք ոչ միայն հիմնեցին ՀՄԸՄը, այլ անոր հիմնադրութենէն ետք, իբրեւ արժանաւոր կերտիչները ՀՄԸՄի ուղղութեան եւ ծառայական կեանքին՝ կերտեցին ՀՄԸՄի այդ օրերու ներկան, որպէսզի ՀՄԸՄին այսօրուա՛ն լուսաւոր ներկայութիւնը մենք վայելենք: Պատիւ հիմնադիրներուն, օրհնութիւն իրենց յիշատակին», ընդգծեց առաջնորդ հայրը:
Ապա բացատրելով օրուան խորհուրդը՝ ան ըսաւ. «Այսօր երախտագիտութեան օր է: Այս օրը մեր շնորհակալութիւնը յայտնելու եւ յարգանքով խոնարհելու պահ է ՀՄԸՄի բոլոր կերտիչներուն եւ նուիրեալ ղեկավարներուն առաջ: Անոնցմէ պիտի մասնաւորեմ Շաւարշ Քրիսեանը. ճիշդ է, որ ան Ցեղասպանութեան զոհ գնաց, սակայն որովհետեւ այդ օրերուն ան հիմը դրաւ երիտասարդական այդ կազմակերպութեան, որ յետագային կոչուեցաւ ՀՄԸՄ, իր անունը առնուեցաւ ՀՄԸՄի պատմութեան մէջ։ Այսօր, երբ մեր նահատակները հաւաքաբար սրբադասուած են, ինք կը պատկանի հաւաքաբար սրբադասուած փաղանգին: Հետեւաբար, մեր այս կազմակերպութեան եւ երիտասարդական կազմակերպութեան հիմնադիրներն անգամ, Աստուծոյ մօտ մեզի բարեխօս են:
Այս օրը մեզի համար հպարտութեան օր է՝ ոչ միայն մեր անցեալի փառքին, այլ ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքին մաս կազմած եւ մէյ-մէկ տիպար ՀՄԸՄական ըլլալնուս համար: Պատի՜ւ բոլորիդ»:
Եզրակացնելով՝ առաջնորդ հայրը շնորհաւորեց ձեռնարկի կազմակերպումը, որ նաեւ նուիրեալներ պարգեւատրելու օր է, որպէսզի անոնց ծառայական ուղին նոր սերունդներուն բարի օրինակ ծառայէ:
Շրջանային վարչութեան պատգամը փոխանցեց ատենապետ Մանուէլ Մարսէլեանը, որ հպարտալի երեւոյթ որակելով ՀՄԸՄի 97 տարիներու գոյատեւումը՝ զայն արդիւնքը նկատեց ՀՄԸՄի առաքելութեան, որդեգրած նպատակներուն ու անոնց ընդմէջէն դաստիարակուած սերունդներուն, որոնցմէ շատերը ղեկավարներ են ազգային մեր կառոյցներուն մէջ այսօր:
«Վարչութեանս փափաքն է այս տօնախմբութիւնը աւանդութեան վերածել: Ամէն տարի տօնուի այս կարեւոր օրը, եւ մենք, մասնաճիւղերու վարչութիւններու թելադրանքով՝ պատուենք մեր անդամները, որոնք տարիներ շարունակ անսակարկ նուիրումով գործած են այս կազմակերպութեան համար, իսկ Շրջանային վարչութիւնը ամէն տարի, Կեդրոնական վարչութեան հաւանութեամբ, «Արտակարգ» պատուանշանով պատուէ մեր կազմակերպութեան նիւթապէս եւ բարոյապէս նեցուկ կանգնող համակիրները: Նաեւ՝ յարգուի մեզմէ առյաւէտ բաժնուած ՀՄԸՄական քոյր-եղբայրներուն յիշատակը՝ մեր եկեղեցիներէն ներս հոգեհանգստեան արարողութեամբ», հաստատեց Մարսէլեան։
Ան Շրջանային վարչութեան անունով շնորհաւորեց պարգեւատրեալները, շնորհակալութիւն յայտնեց երիտասարդ հանդիսավարներուն, կազմակերպիչ յանձնախումբին եւ ներկաներուն: Ապա եզրակացնելով իր պատգամը՝ ան նաեւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդ հօր, որ հակառակ իր խճողուած ժամանակացոյցին, միշտ կ՛ընդառաջէ ՀՄԸՄի հրաւէրներուն եւ իր հայրական խօսքերով կը քաջալերէ անոր հոգածութեան յանձնուած երիտասարդութիւնը:
Մ. Մարսէլեանի պատգամէն ետք տեսաերիզի միջոցաւ ցուցադրուեցաւ շրջանի ՀՄԸՄի բարերար Աշխէն Փիլաւճեանին «Արտակարգ» պատուանշանի յանձնումի արարողութիւնը: Յայտնենք, թէ այս տարի այս պատուանշանին համար նկատի առնուած էր բարերարուհին, որ սակայն ծունկի գործողութեան ենթարկուած ըլլալով՝ չկրցաւ ներկայ գտնուիլ ձեռնարկին:
Այնուհետեւ ներկայացուեցան 2015 տարեշրջանին մեզմէ առյաւէտ բաժնուած ՀՄԸՄականներուն նկարները՝ մեծ յուզմունք յառաջացնելով ներկաներուն մօտ:
Ընթրիքի դադարէն ետք ցուցադրուեցաւ ՀՄԸՄի պատմականը ներկայացնող տեսաերիզ մը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ երեկոյին գլխաւոր առանցքը հանդիսացող ՀՄԸՄի «Ծառայութեան» շքանշաններու յանձնումը, որ նախապէս որոշուած էր մասնաճիւղերու վարչութիւններուն կողմէ: Շքանշանները եւ հաստատագիրները յանձնեցին Շրջանային վարչութեան համապատասխան մասնաճիւղերու կապը հանդիսացող քոյր-եղբայրները: Նախ ներկայացուեցաւ պարգեւատրեալներուն միութենական գործունէութիւնը: Այսպէս, շրջանի ՀՄԸՄի բարձրագոյն «Ծառայութեան» շքանշանը ստացան հետեւեալ քոյր-եղբայրները.
Անի Հինտոյեան՝ ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն.
Վահան Տէրունեան՝ ՀՄԸՄ Սան Ֆրանսիսքոյի մասնաճիւղէն.
Արա Ճիէրեան՝ ՀՄԸՄի Ֆրեզնոյի «Սասուն» մասնաճիւղէն.
Մանուկ Զէյթունեան՝ ՀՄԸՄի Մոնթեպելլոյի մասնաճիւղէն.
Յակոբ Ղազարեան՝ ՀՄԸՄի Փասատինայի «Ազատամարտ» մասնաճիւղէն.
Յուսիկ Ղուկասեան՝ ՀՄԸՄի Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղէն.
Վիգէն Աբէլեան՝ ՀՄԸՄի Օրենճ Քաունթիի «Սարդարապատ» մասնաճիւղէն.
Քրիս Աբգարեան՝ ՀՄԸՄի Սան Ֆերնանտօ Հովիտի «Մասիս» մասնաճիւղէն.
Րաֆֆի Վարժապետեան՝ ՀՄԸՄի Սան Տիէկոյի «Սեւան» մասնաճիւղէն.
Շաքէ Գալայճեան՝ ՀՄԸՄի Ինլընտ Էմփայըրի «Արազ» մասնաճիւղէն.
Պերճ Գասապեան՝ ՀՄԸՄի Քրեսենթա Հովիտի «Շան»չ մասնաճիւղէն.
Նորիկ Աբուլեան՝ ՀՄԸՄի Պըրպենքի «Սիփան» մասնաճիւղէն.
Վաչէ Եագուպեան՝ ՀՄԸՄի Նորթ Հոլիվուտի «æաւախք» մասնաճիւղէն.
ՀՄԸՄի «Ծառայութեան» շքանշանին արժանացած էին նաեւ Ռինա Չանչանեան («Անի»), Յարութիւն Պոյաճեան (Ֆինիքս) եւ Լանա Քասսապ («Կարս»), որոնք կամքէ անկախ պատճառներով չէին կրցած ներկայ գտնուիլ ձեռնարկին:
Արժանաւոր պարգեւատրեալները երկարաշունչ ծափողջոյններով գնահատուեցան ներկաներուն կողմէ:
Պաշտօնական յայտագիրի վերջին բաժինով ելոյթ ունեցաւ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Վիգէն Դաւիթեան, որ շնորհաւորելով բոլոր պարգեւատրեալներն ու ձեռնարկի կազմակերպիչ Շրջանային վարչութիւնը՝ իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ կը գտնուի վաստակաշատ ՀՄԸՄականներու մէջ եւ յատուկ հպարտանքով արտայայտուեցաւ անոնց աշխատանքներուն մասին: «Ուրախ եմ, որ Շրջանային վարչութիւնը գնահատում է մեր անդամներին: ՀՄԸՄի աշխատանքը ո՛չ Շրջանային եւ ոչ էլ Կեդրոնական վարչութեան մէջ է, այլ՝ մասնաճիւղերի: ՀՄԸՄի ուժը իր մասնաճիւղերն են: Աշխատանքը մասնաճիւղերի մէջ է: Մեր յաղթական օրերը այն են, որ մեր անդամները իրար հետ խիստ կը մրցակցեն, ինչպէս տեսել ենք Նաւասարդեան մարզախաղերին, բայց Նաւասարդեանից դուրս մտերիմ ընկերներ են իրար հետ: Սա մենակ խօսք չի, այլ՝ փորձառութեամբ եմ ասում», ըսաւ ան, ապա շեշտեց ՀՄԸՄի հզօրացման կարեւորութիւնը, որ կարելի կրնայ դառնալ՝ յաջորդական մեր սերունդներուն փոխանցելով ՀՄԸՄի աւանդները:
Իսկ անդրադառնալով Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի մարդաշատ ձեռնարկներուն եւ յատկապէս պահանջատիրական քայլարշաւին, որ 166 հազարէ աւելի մասնակիցներով մարդկային հեղեղի վերածած էր դէպի թրքական դեսպանատուն առաջնորդող փողոցները՝ Դաւիթեան յիշեցուց, թէ «կանգնած ենք ՀՄԸՄի 100ամեակի շեմին՝ 2018 թուին: Մեր կազմակերպութիւնը հզօր է, եւ մենք միասին, ձեռք-ձեռքի տուած՝ միասնաբար պիտի յաղթահարենք մեր դժուարութիւնները եւ առաւել վստահութեամբ պիտի շարունակենք մեր աւանդութիւնները: Մեր թշնամին պարտուած է՝ ՀՄԸՄի հզօրութեան հետեւանքով»:
Վիգէն Դաւիթեանի տպաւորիչ ելոյթէն ետք, Պայծառ Թովմասեան գեղեցիկ անակնկալով մը Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի նախագահ Քեւըն Տէ Լիոնի անունով գնահատագիր մը յանձնեց ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան գրասենեակի վարիչ տնօրէն Ռուբինա Ճանսըզեանին, ՀՄԸՄէն ներս ցուցաբերած իր ժրաջան ու նուիրեալ աշխատանքին համար: Այս նախաձեռնութիւնը մեծապէս գնահատուեցաւ ներկաներուն կողմէ:
Պաշտօնական յայտագիրի աւարտին, ներկաները ուրախութեան կանչերով, գրկախառնութեամբ եւ քաղցր խօսքերով շնորհաւորեցին պարգեւատրեալները, իսկ ուրիշներ հայկական շուրջ պարերով ճոխացուցին մթնոլորտը:
Ձեռնարկը վերջ գտաւ ուշ երեկոյեան՝ անգամ մը եւս ՀՄԸՄի անխախտ գոյութիւնը պահպանելու կամքը դրոշմելով մասնակիցներուն մօտ:
ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Ասպարէզ