ԼՂՀ ՊՆ. Հակառակորդին Հրետակոծութեան Հետեւանքով Զինուոր Մը Վիրաւորուած Է

Հաշուի առնելով աշխարհաքաղաքական բարդ իրադրութիւնը եւ փորձելով խանգարել Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութեան մէջ ընթացող պետական նշանակութեան ձեռնարկները, հակառակորդը կը շարունակէ ապակայունացնել իրավիճակը ղարաբաղա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծի ամբողջ երկայնքով` ուժգնօրէն տարբեր տրամաչափի հրաձգային, ականանետային եւ հրթիռային զինատեսակներէ խախտելով հրադադարը:

Դեկտեմբեր 5-ին եւ լոյս 6-ի գիշերը ղարաբաղա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծին վրայ հակառակորդին կողմէ հրադադարը խախտուած է մօտ 180 անգամ, որուն ընթացքին, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, ինչպէս նաեւ 60 (69 արկ), 82 (229 արկ), 120 (40 արկ) միլիմեթրանոց ականանետերէ, ՀԱՆ-17 (142 արկ) եւ ՌՊԳ-7 (1 արկ) տիպի նռնականետերէ, հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 3500 կրակոց: Հակառակորդը կիրառած է նաեւ TR-107 տիպի զենիթահրթիռային կայանք (24 արկ):

Հակառակորդին հրետակոծութեան հետեւանքով Դեկտեմբեր 5-ին` ժամը 18:45-ի մօտ ականապայթիւնէն վիրաւորուած է ՊԲ զինծառայող, 1995 թուականին ծնունդ Վարազդատ Խաչատրեան:

ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը յայտարարէ, որ հակառակորդին արկածախնդիր մարտավարութիւնը անպատասխան պիտի չմնայ եւ ստեղծուած իրադրութեան ամբողջ պատասխանատուութիւնը կ՛իյնայ Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան վրայ, կը յայտնէ ԼՂՀ ՊՆ մամուլի ծառայութիւնը:

Scroll Up