Մոնթէվիտէոն Տօնախմբեց ՀՅԴ-ի 125-ամեակը

Մոնթէվիտէոյի երկսեռ երիտասարդներու կողմէ կազմակերպուեցաւ ՀՅԴի 125-ամեակի տօնակատարութիւնը։

Առաջին առթիւ և արդէն 15 տարիէ ի վեր, նախքան տօնախմբութեան բուն ծրագրին անցնիլը, յարգանքի տուրք կը մատուցուի Վռամեան ակումբի շրջաբակը գտնւող մեր շրջանի մահացած ընկերներու յուշակոթողին մօտ։ Ներկաներու մէջ էին Ուրուկուէյի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Յակոբ Արք. Գըլնճեանը, ՀՅԴի Բիւրոյի անդամ և Բիւրոյի Հայ Դատի գրասենեակի քաղաքական հարցերու պատասխանատու ընկ. Կիրօ Մանոյեանը, Հարաւային Ամերիկայի ՀՅԴ ԿԿի ներկայացուցիչ ընկ. Ժանիկ Քէչեանը, ԿԿի անդամ Տիանա Իթութմազեան-Պոյաճեանը։ Խօսք առաւ Կարօ Հէքիմեանը եւ բոլոր Վռամեան Կոմիտէութեան անդամներու անունով շեշտը դրաւ ու յարգանքի խօսք արտասանեց, այն հիմնադիր սերունդին որ Հայոց Ցեղասպանութենէ միայն 12 տարի ետք, 1927-ին, հիմը դրաւ Դաշնակցութեան եւ զայն պսակեց մեծ յեղափոխական և քաղաքական գործիչ, Արշակ Վռամեանի անունով։

Օրուան խօսնակներ Էլիանա Փանոսեան և Միքաէլ Նալպանտեան ներկաները հրաւիրեցին ոտնկայս երգելու “Մշակ բանուոր”ը, որմէ ետք Վռամեան Կոմիտէի խօսքը փոխանցեց անոր ներկայացուցիչ Արփին Հօճաճանեանը, ուր մատանշելով երիտասարդութեան դերը մեր հզօր կազմակերպութեան գործունէութեան մէջ, ըսաւ “Բարեբախտաբար եւ  հպարտութեամբ  ըսենք թէ 125 տարի յետոյ, մենք այսօր ունինք մեծ երիտասարդներու բանակ մը, որոնք համոզումով եւ հանձնառութեամբ  ստանցնած են պայքարը :

Շնորհիւ երիտասարդները իրազեկ պահելու  ուղիով տարուած հետեւողական աշխատանքներուն, այսօր հատկանշանակ է թէ մեր բոլոր կառույցները եւ աշխատանքի դաշտերը գլխաւորուած են իրենցմով,  ուր  նուիրումով եւ մեծ պատասխանատուութեամբ իրենց ուսերուն վրայ առած են պարտականութիւններ”,- ըսաւ Արփին Հօճաճանեանը։

Գաղութի առաջնորդ Գերշ. Տ. Յակոբ Արք. Գըլնճեանը իր շնորհաւորութեան խօսքին մէջ,  վեր առնելով ՀՅԴաշնակցութեան խաղացած դերը Հայ Ժողովուրդի վերջին 125 տարուայ պատմութեան մէջ, նշեց որ “Դաշնակցութիւնը իր լաւագոյնը տուաւ հայ ժողովորդին, լաւագոյնը հանեց իր ազգի զոհասեղանին, իր կեանքի գնով, որովհետև զոհաբերութիւնը հիմնական յաղթանակն է ժողովուրդի մը եւ այդ զոհաբերութիւնը երբէք չպակսեցաւ այս Կուսակցութեան համար։

Ես կ՛ըսեմ որ մենք այսօր պանծալի 125-ամեակ մը կը նշենք, հպարտ ենք բոլորս, որ մեր Ազգի մէջ կայ այսպիսի նուիրական Կուսակցութիւն մը” ի միջի այլոց ըսաւ Սրբազանը։

Օրուան պատգամաբերն էր յատկապէս Մայր Հայրենիքէն հրաւիրուած, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ և Բիւրոյի Հայ Դատ Գրասենեակի քաղաքական հարցերով պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանը, ուր բաւական լայնածաւալ վերլուծական մը կատարելէ ետք, մեր փառաւոր Կուսակցութեան 125 երկար տարիներու դերակատարութեան մանրամասներու շուրջ, ծանրանալով վերանկախացած Հայաստանի մէջ Դաշնակցութեան 25 տարիներու գործունէութեան,   բանախօսը ըսաւ “Անցնող 25 տարիներուն Դաշակցութեան գործը Արցախի և Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ անցաւ շարք մը փուլերէ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը, նոր փորձարութիւն կուտակեց Կուսակցութեան համար։ Սկիզբը որպէս հայրենադարձ կազմակերպութիւն, Դաշնակցութեան միակ սևեռակէտը Արցախի ազատագրումն էր։ Այդ գործը աւելի դժուար կ՛ըլլար, եթէ չըլլային այն հաիւրաւոր, հազարաւոր նուիրեալները որոնք այդ օրերուն միացան Դաշնակցութեան շարքերուն և կամ անոր առաջնորդած պայքարին։ Անոնցմէ շատերու կեանքի գնով էր որ հայրենի հողին մէջԴաշնակցութեան ցանած սերմերու աճը, եղաւ շատ արագ և Արցախի մէջ ժողովուրդը արդէն 1991-ին իր վստահութեան քուէն տուաւ Դաշնակցութեան և ՀՅԴն Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ, դարձաւ իշխանութիւն։

Եզրակացնելով իր խօսքը ընկերը ըսաւ “Այսօր ունինք անկախ հայրենի պետութիւն, ազատագրուած Արցախ և ունինք քաղաքականապէս կազմակերպուած և արաւել ևս կազմակերպւող սփիւռք։ Այս բոլորը, բոլոր վտագներով հանդերձ, մեզի կու տան հիմք որ ճիշտ ուղղութեամբ, ճիշտ պայքարի պարագային, մենք կ՛ըլլանք ճիշտ ճամբու վրայ։

Եթէ մեզմէ իւրաքանչիւրը իր մասնակցութիւնը բերէ պայքարին, այն ժամաակ մենք անպայման կը հասնինք մեր նպատակին, որ արդէն մասամբ իրականացած է։ Անպայման կը հասնինք ազատ, անկախ և միացեալ Հայաստանին։ Մենք չտեսնենք, մեր յաջորդները կը տեսնեն։” իր խօսքը եզրափակեց Կիրօ Մանոյեանը։

Տօնական այս ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերին Համազգայինի Շիրազ պարախումբը, Արժաթինի Գորտոպա քաղաքէն հրաուիրւած երգիչ, Մարթին Մերտինեանը և մեր գաղութի Երևան-50 նուագախումբը, որոնք ոգևորեցին  և գեղեցիկ մթնոլորտ մը ստեղծեցին, Շիրազը իր տոհմիկ և ժողովրդական պարերով, իսկ Մարթինն ու Երևան-50 նուագախումբը ազգային և յեղափոխական երգերով։

Վերջաւորութեան ՀՅԴ-ի 125-ամեակի աւանդական կարկանդակի հատումով և ներկաներուն բաժնուելով, իր աւարտին հասաւ սքանչելի այդ տօնախմբութիւնը։

Կարօ Հէքիմեան

Մօնթէվիտէօ-Ուրուկուէյ

Scroll Up