Լաւրովը, Քերին Եւ Տէզիրը Յայտարարութիւն Տարածած Են. Մինսկի Խումբի Ձեւաչափը Ամենաընդունելին Է

Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ եւ բանակցուած կարգաւորման ուղղուած ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ձեւաչափը հակամարտութեան կողմերու համար ընդունելի միակ ձեւաչափն է, որ կը վայելէ նաեւ ԵԱՀԿ բոլոր անդամ երկիրներու վստահութիւնը: «Արմէնփրէս»-ի փոխանցմամբ` Պելկրատի մէջ ընթացող ԵԱՀԿ նախարարներու խորհուրդին նման յայտարարութեամբ հանդէս եկած են ԵԱՀԿ նախարարական հաւաքին մէջ Մինսկի խումբի համանախագահող երկիրներու պատուիրակութիւններու ղեկավարները:
Ռուսաստանի Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով, ԱՄՆ պետական քարտուղար Ճոն Քերին եւ Ֆրանսայի` Եւրոպական հարցերով պետական քարտուղար Հարլըմ Տէզիրը կրկին վերահաստատած են ԼՂ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման համատեղ միջնորդելու յանձնառութիւնը: Անոնք ողջունած են Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգասեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ Մինսկի խումբի համանախագահներու հովանիի ներքոյ կայանալիք հանդիպումը: «Վերջին շրջանին լարուածութեան աճին հետ կապուած մենք կը յորդորենք կողմերուն կրկին յանձն առնել հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումը եւ փարատել բոլոր թիւրընկալումները այն մասին, որ իրենք լուրջ չեն տրամադրուած բանակցուած կարգաւորման հասնելու իրենց մտադրութիւններուն մէջ: Կողմերը պէտք է շարունակեն դեռեւս 2014 թուականին Սոչիի, Ուելսի եւ Փարիզի գագաթնաժողովին մէջ սկսած քննարկումները համապարփակ կարգաւորման բաղադրիչներուն շուրջ, եւ պէտք է աշխուժացնեն երկխօսութիւնը 2016 թուականին` այն առաջարկութիւններուն հիման վրայ, որ ներկայիս դրուած են քննարկման»,- կ’ըսուի նախարարական հաւաքի պատուիրակութիւններու ղեկավարներու յայտարարութեան մէջ:
ՄԽ համանախագահող երկիրներու ներկայացուցիչները ընդգծած են, որ այս տարի բռնութիւններու զգալի աւելացումը շփման գիծին եւ հայատրպէյճանական սահմանին վրայ անկայուն դարձուցած է վիճակը: Անոնք յատկապէս դատապարտած են ականանետէրու եւ միւս ծանր զինատեսակներու օգտագործումը եւ ցաւակցութիւն յայտնած ատոնց պատճառած քաղաքացիական կորուստներու համար. «Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման համար ռազմական լուծում գոյութիւն չունի, որեւէ բան չի կրնար արադարացնել խաղաղ քաղաքացիական անձանց սպանութիւնը եւ վիրաւորումները: Մենք խստագոյնս կոչ կ’ընենք կողմերուն նուազեցնել լարուածութիւնը եւ պաշտպանել բնակիչները: Համանախագահները առաջարկած են վտանգի նուազեցման ձեռնարկներ, ներառեալ` ԵԱՀԿ հետաքննչական միջոցներ, որոնք կողմերուն կոչ կ’ընենք ներդնել»:
Ռուսաստանի, Ֆրանսայի եւ ԱՄՆ արտաքին գերատեսչութիւններու ներկայացուցիչները ողջունած են Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի հովանիի ներքոյ կորած անձանց մասին տեղեկատուութեան փոխանակման գործին մէջ գրանցուած յառաջընթացը եւ խրախուսած յետագայ համագործակցութիւնը ԿԽՄԿ-ի հետ: Ընդգծուած է, որ ԵԱՀԿ-ն պէտք է երաշխաւորէ բաւարար ֆինանսաւորում այս կարեւոր մարդասիրական ձեռնարկին լիակատար ներդրման համար:
Համատեղ յայտարարութեամբ կոչ եղած է ԼՂ հակամարտութեան կողմերուն ազատ արձակել բոլոր գերիները, որ համահունչ է 2010 թուականի Հոկտեմբերին` Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի Դաշանութեան նախագահներուն կողմէ ընդունուած Աստրախանի հռչակագիրի ոգիին: Հարեւան ժողովուրդներու միջեւ փոխվստահութեան ձեւաւորման նպատակով շեշտուած է հայերու եւ ատրպէյճանցիներու միջեւ երկխօսութեան անհրաժեշտութիւնը:
«Վերջին տարուան ընթացքին մենք ականատես եղանք ԵԱՀԿ համանախագահներու եւ Մինսկի խումբի ձեւաչափի դէմ ուղղուած յարձակումներու: Մենք կը շեշտենք, որ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ձեւաչափը հակամարտութեան կողմերուն համար ընդունելի միակ ձեւաչափն է, որ կը վայելէ նաեւ ԵԱՀԿ բոլոր անդամ երկիրներու վստահութիւնը: Բանակցային գործընթացին եղած արգելքներուն մէջ համանախագահներուն մեղադրելու որեւէ փորձ միայն կը քօղարկէ խաղաղութեան հասնելու հիմնական խոչընդոտը, այն է` բանակցուած կարգաւորման հասնելու ոչ բաւարար քաղաքական կամքը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի մէջ» , – կը նշուի յայտարարութեան ամփոփման մէջ: