Սեւրուկեաններու Ընտանեկան Հաւաքածուն` Մատենադարանին Մէջ

Երեւանի Մաշտոցի անուան Մատենադարանը ամիսներ առաջ համալրուեցաւ միջազգային ճանաչում ունեցող իրանահայ հայր եւ որդի արուեստագէտներու` լուսանկարիչ Անթուան Սեւրուկինի եւ գեղանկարիչ Անտրէ Սեւրուկեանի աշխատանքներով: Նուիրատուութիւնը իրականացուցած էր վերջինի որդին` գերմանաբնակ մեր հայրենակից Էմմանուէլ Սեւրուկեան: Անոր մասնակցութեամբ գեղանկարներու եւ լուսանկարներու մեծարժէք այս հաւաքածուն վաղը կը ներկայացուի Մատենադարանի ցուցասրահին մէջ, իսկ այսօր Էմմանուէլ Սեւրուկեան հանդիպած է արուեստաբաններու ու լրագրողներու հետ` խօսելու իր տաղանդաւոր նախնիներու հայկական ծագման մասին: «Մեծհայրս ու հայրս աշխարհի մէջ յայտնի են որպէս պարսիկ, ռուս, վրացի, անգամ ֆրանսացի արուեստագէտներ, բայց անոնց հայկական ծագման մասին ոեւէ մէկը չի խօսիր»,- armradio.am-ի փոխանցմամբ` ըսած է Էմմանուէլ Սեւրուկեան:
Անթուան Սեւրուկին ծնած է 1851 թուականին Թեհրան, լուսանկաչութիւն սորված` Թիֆլիսի մէջ: Վերադառնալով Իրան ան իր առաջին լուսանկարչատունը հիմնեց Թաւիզի մէջ եւ, մասնագիտական բարձր որակի շնորհիւ, մուտք գործեց արքունիք: 1883 թուականին Անթուան Թեհրանի մէջ հիմնեց իր երկրորդ լուսանկարչատունը:
Հիանալի դիմանկարներու շնորհիւ դարձաւ Նասեր Էտ-Տին շահի պալատի բարձրաստիճան լուսանկարիչը` արժանանալով նաեւ «Խան» տիտղոսին:
Անթուանի որդին` Անտրէ Սեւրուկեան, եւս ծնած էր Իրան: Ինչպէս լուսանկարիչ Անթուան Սեւրուկին, այնպէս ալ անոր գեղանկարիչ որդին միջազգային համբաւ վայելող արուեստագէտ էր: Անոնց աշխատանքները կը ցուցադրուին աշխարհի ամենայայտնի թանգարաններուն մէջ: Սեւրուկիններու ինքնատիպ արուեստի մասին գրուած են բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ, հրատարակուած ալպոմներ:
«Երբեւէ չէ նշուած անոնց հայկական ծագման մասին: Անոնց կը համարեն ռուս, պարսիկ, վրացի, ֆրանսացի, բայց իրականութեան մէջ անոնք հայեր են»,- կ’ըսէ արուեստաբան Իւետ Թաճարեան, որ եւս ծնած է Իրան, բայց արդէն երկար տարիներ կ’ապրի Հայաստան եւ շուրջ 20 տարի կ’ուսումնասիրէ Սեւրուկին գերդաստանի պատմութիւնը:
Անտրէ Սեւրուկեանի որդին` Էմմանուէլ Սեւրուկեան այսօր պատմեց, որ 1935 թուականին ընտանիքը Իրանէն տեղափոխուած է Աւստրիա, իսկ աւելի ուշ Գերմանիա, ուր ալ ան այժմ կ’ապրի եւ կ’աշխատի: Հայր եւ որդի Սեւրուկեաններու մշակութային ժառանգութիւնը այսօր տարածուած է աշխարհով մէկ: Ամենամեծ հաւաքածուն կը պահպանուի Ուաշինկթընի հեղինակաւոր թանգարաններէն մէկուն մէջ, իսկ Սեւրուկեաններու ընտանեկան հաւաքածուն Էմմանուէլ Սեւրուկեան ամիսներ առաջ նուիրաբերեց Երեւանի Մատենադարանին: Գեղանկարներու եւ լուսանկարներու մեծարժէք այս հաւաքածուն վաղը կը ներկայացուի հայրենիքի մէջ: