Լեհահայ Համայնքի Մասին Դասախօսութիւն Ժառանգաւորաց Վարժարանին Մէջ
Դեկտեմբեր 4-ին Երուսաղէմի Պատրիարքական փոխանորդ Տէր Սեւան արքեպիսկոպոս Ղարիպեանի աջակցութեամբ` Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց վարժարանի հանդիսութիւններու սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Լեհաստանի ազգային փոքրամասնութիւնները, Լեհաստանի հայկական համայնքը դարերու ընթացքին» թեմայով դասախօսութիւն: Այս մասին «Հայերն այսօրը» կը տեղեկանայ Երուսաղէմի իր աղբիւրներէն:
Դասախօսութեան ժամանակ ելոյթ պիտի ունենայ Լեհաստանի հայ համայնքի ղեկավար Մաթեւոս Պօղոսեան: