Աւստրալիոյ Խորհրդարանի Անդամը Անդրադարձած է Արցախի Անկախութեան 24-րդ Տարեդարձին
Աւստրալիոյ խորհրդարանի անդամ Ճոն Ալեքսանդր խորհրդարանին մէջ ընդունած է ԼՂՀ ԱԺ «Դաշնակցութիւն» խմբակցության ղեկավար Դաւիթ Իշխանեանը, որ Աւստրալիա կը գտնուէր «Դրօ» կոմիտէի հրաւէրով։
Աւստրալիայէն «Արմէնիա Մետիա» մամլոյ եւ տեղեկատուական ընկերակցութեան վարիչ խմբագիր Ներսէս Պալիոզեան Հայերն այսօր-ին կը հաղորդէ, թէ զրոյցի ընթացքին Ճոն Ալեքսանդր անդրադարձած է Արցախի անկախութեան 24-րդ տարեդարձին՝ նշելով,- «Յատկապէս հայերով բնակեցուած Արցախը կը կառավարուի ընկերվար եղանակով եւ մարդու իրաւունքի ու մամուլի ազատութեան հանդէպ իր յանձնառութեամբ կը հակասէ իր ամենամօտ հարեւանին՝ Ատրպէյճանին»։
Պատգամաւորը նաեւ անդրադարձած է Աւստրալիոյ մէջ ԼՂՀ նորանշանակ ներկայացուցիչ Քայլառ Միքայէլեանին, որ նոյնպէս իր հիւրն էր։
«Այսօր ես բախտը ունեցայ հանդիպելու Հայ Դատի ներկայացուցիչներու եւ Պրն. Քայլառ Միքայէլեանի հետ, որ կը ղեկավարէ Կալսթոն քոլէճը եւ որ վերջերս նշանակուած է Աւստրալիոյ մէջ ԼՂՀ ներկայացուցիչ»,- նշած է Աւստրալիոյ խորհրդարանի պատգամաւորը։
Նշենք, որ Հայ Դատի Աւստրալիոյ ներկայացուցիչները՝ Իշխանեանի եւ Միքայէլեանի ընկերակցութեամբ, վերջին երկու օրերուն հանդիպումներ ունեցած են Աւստրալիոյ աւելի քան 25 պատգամաւորի հետ՝ անդրադառնալով Արցախահայութեան անվտանգութեան, ինչպէս նաեւ Արցախի անկախութեան ճանաչման հարցին։