Սուրիահայերու Շնորհիւ` Հայաստանի Մէջ Արձանագրուած Է 75 Նոր Գործարարութիւն (Տեսանիւթ)

Ոսկերչութիւն, արծաթագործութիւն, սնունդի արդիւնաբերութիւն, վարսավիրութիւն, կարի եւ կօշիկի արտադրութիւն, ինքնաշարժի նորոգում, տպագրութիւն, տեսանկարահանում, օճառագործութիւն. ասոնք այն հիմնական ոլորտներ են, ուր սուրիահայերը ձեռնարկատիրական գործունէութիւն կը ծաւալեն:

«Հայերն այսօրի» փոխանցմամբ` «Ազդարար» լրատուականը իր անդրադարձին մէջ կը նշէ, որ 2012 թուականէն առ այսօր ՓՄՁ-ներու զարգացման ազգային կեդրոնը մօտ 500 սուրիահայ գործարարի տարբեր տեսակի օգնութիւն  ցուցաբերած է, 106-ը ստացած են ֆինանսական աջակցութիւն` միջինը 4,5 միլիոն դրամի չափով եւ 5 տարի ժամկէտով: Գրանցուած է 75 նոր գործարարութիւն, բացուած 112 աշխատատեղ:

«Այսօր սուրիահայերը աւելի զգօն  դարձած են, գործ սկսելէն առաջ երկար կը մտածեն: Զգուշաւորութեան եւ խոր վերլուծութեան շնորհիւ  վերջին շրջանին յաջողուած ձեռնարկատիրութեան թիւը սուրիահայերու մօտ 20 տոկոսով աւելցած է»,- կը նշէ ՓՄՁ զարգացման ազգային կեդրոնի գործադիր տնօրէն Գեղամ Պետրոսեան:

Scroll Up