ՀՀ Ներկայացուցչութեան Մասնակցութիւնը Կանանց Խորհուրդին Կողմէ Կազմակերպուած Բարեգործական Տօնավաճառին

Նոյեմբեր 27-28 Վիեննայի միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ ՀՀ մշտական ներկայացուցչութիւնը մասնակցեցաւ ՄԱԿ-ի Վիեննայի գրասենեակի Կանանց խորհուրդին կողմէ կազմակերպուած բարեգործական տօնավաճառին, որուն ամբողջ հասոյթը պիտի տրամադրուի կարիքաւոր երեխաներու աջակցութեան ուղղուած ծրագիրներու իրականացման: Այս մասին կը յայտնեն ԱԳՆ-ի մամլոյ ծառայութենէն:

Հայկական տաղաւարին մէջ ներկայացուած էին Հայաստանը խորհրդանշող յուշանուէրներ, զարդեր, հայկական գինի եւ քոնեակ, հրուշակեղէն, ինչպէս նաեւ մշտական ներկայացուցչութեան դիւանագէտներու եւ հայ համայնքի տիկնանց կողմէ պատրաստուած անուշեղէններ:

ՄԱԿ-ի Վիեննայի գրասենեակի Կանանց խորհուրդի բարեգործական ձեռնարկներուն ՀՀ մշտական ներկայացուցչութեան ամենամեայ աշխոյժ եւ արդիւնաւէտ մասնակցութեան շնորհիւ կը յաջողի ծրագիրներու ֆինանսաւորում ստանալ Հայաստանի կարիքաւոր, հաշմանդամ, մանկատուներու, ինչպէս նաեւ երկրաշարժէն տուժած գօտիի մէջ ապրող երեխաներուն աջակցելու համար: Այս ծրագիրներու ծիրէն ներս Գիւմրիի մէջ կառուցուած է խաղահրապարակ հաշմանդամութիւն ունեցող երեխաներու համար, իսկ Երեւանի մէջ վերանորոգուած է աուտիզմով հիւանդ երեխաներու կեդրոնը:

 

Scroll Up