Գերմանիոյ Մէջ Բեմադրուած Է «Մուսա Լերան 40 օրը» Վէպը

Նոյեմբեր 21-29 Հայ-գերմանական մշակութային օրերուն ընթացքին Գերմանիոյ Գառլսհորստ քաղաքի պետական խորհուրդը Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած ձեռնարկներ իրականացուցած է:
Ձեռնարկներու ծիրէն ներս Ֆրանց Վերֆելի «Մուսա լերան 40 օրը» վէպի հիման վրայ ներկայացում բեմադրուած է: Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի կապակցութեամբ` ամբողջ թատրոնը մանուշակագոյն «ներկուած» էր: