Ատրպատականի Հայոց թեմի Առաջնորդը Ընդունած Է ՀՄԱԿ Թաւրիզի Վարչութեան Պատուիրակութիւնը

Ատրպատականի Հայոց թեմի առաջնորդ, Գերաշնորհ Տէր Գրիգոր եպսիսկոպոս Չիֆթճեան ընդունած է Հայ մշակութային Արարատ կազմակերպութեան Թաւրիզի մասնաճիւղի վարչութեան պատուիրակութիւնը` ատենապետ Հենրիկ Աբրահամեանի գլխաւորութեամբ:

Ինչպէս «Արմէնփրէս»-­ին կը տեղեկացնեն Ատրպատականի Հայոց թեմի առաջնորդարանի մամլոյ ծառայութենէն, պատուիրակութեան այցը երախտիքի եւ յարգանքի տուրք էր 2015 թուականի Նոյեմբեր 5­-ին Սրբազան Հօր կատարած այցին դէպի Թեհրան:

Հանդիպման ատենապետը մանրամասն ներկայացուցած է Թաւրիզի մասնաճիւղի աշխատանքները, քննարկուած են Սուրբ Ծնունդի եւ Նոր տարուան ծրագիրները: Ատրպատականի Հայոց թեմի առաջնորդը մէկ անգամ եւս բարձր  գնահատած է վարչութեան բոլոր անդամներու գործադրած ջանքերը: «Երբ ստանձնած աշխատանքիդ մէջ եւ կատարած գործիդ մէջ կը դնես սիրտդ, այսինքն` ամբողջ հոգիով կը սիրես կատարած գործդ, ձախողելու հնարաւորութիւնները կը բացառուին»,­ գոհունակութեամբ ըսած է Սրբազան Հայրը:

Ատենապետ Աբրահամեան ցանկութիւն  յայտնած է 2016 թուականը սկսիլ նոր թափով եւ ծրագիրներուն մէջ ներգարուել երիտասարդութիւնը, որ արժանացաւ թեմի առաջնորդի լիակատար աջակցութեան: Հանդիպման աւարտին ՀՄԱԿ Թաւրիզի վարչութեան անդամները յուշանուէր յանձնեցին Սրբազան Առաջնորդին:

Scroll Up