Երիտասարդական Սեմինար` «Կամաւոր Աշխատանքը Եւ Եկեղեցին» Նիւթով

Կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Երիտասարդական բաժանմունքին եւ գործակցութեամբ Լիբանանի հայոց թեմին, շաբաթ, 21 նոյեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 5:00-էն սկսեալ, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի Հայոց թեմի միջդպրաց դասերու միօրեայ երիտասարդական սեմինար մը` «Կամաւոր աշխատանքը եւ եկեղեցին» նիւթով:
Սեմինարին նպատակն էր համախմբել Լիբանանի հայոց թեմի կամաւոր ծառայող երիտասարդները, լսել անոնց փորձառութիւնները, բաժնեկցիլ անոնց կարծիքներն ու մտահոգութիւնները, ինչպէս նաեւ այլ երիտասարդներ կամաւոր ծառայութեան մղելու կերպեր ու միջոցներ որդեգրել:
Բացման խօսքը ուղղեց Երիտասարդական բաժանմունքի հոգեւոր խորհրդատու Նշան վրդ. Լախոյեան, որ իր կարգին բարի գալուստի խօսքեր արտասանելէ ետք, հակիրճ տողերու մէջ ներկայացուց Երիտասարդական բաժանմունքի գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ օրուան պատգամն ու յայտագիրը ներկայացուց երիտասարդներուն:
Սեմինարին առաջին զեկուցաբերն էր Թորգոմ վրդ. Տօնոյեան, որ ներկայացուց «Կամաւոր ծառայութեան արժէքը Աստուածաշունչին եւ եկեղեցւոյ դիտանկիւնէն»: Հայր սուրբը նշեց, որ կամաւոր ծառայութիւնը քրիստոնէական եկեղեցւոյ ծառայութեան մարզին ամէնէն կարեւոր դաշտը կը հանդիսանայ եւ ընդգծեց, որ անցեալին եկեղեցին լայն աճ ապրած է եւ հաւատքը գործնականացած է շնորհիւ կամաւոր ծառայութեան: «Բոլոր ժամանակներու օրինակելի մեծագոյն ծառան Յիսուս Քրիստոսն է, որուն ուսուցած վարդապետութեամբ եւ անձին օրինակով, Ան մարդկային ընկերութեան առաջին ծառան դարձաւ», շեշտեց հայր Թորգոմ:
Զեկուցումին աւարտին հարցում-պատասխաններու ընդմէջէն յաւելեալ քննարկում տեղի ունեցաւ եւ անիկա ստացաւ կլոր սեղանի բնոյթ, որուն ընթացքին Երիտասարդական բաժանմունքի անդամները իրենց մասնակցութիւնը բերելով ներկաներուն փոխանցեցին կամաւոր ծառայութեան իրենց անձնական փորձառութիւնները` զանազան մարզերու մէջ, ինչպէս եկեղեցական, ազգային, համայնքային եւ այլն:
Սեմինարին երկրորդ բաժինով Երիտասարդական բաժանմունքի անդամներէն Քրիստին Արզումանեան-Ղազարեան կազմակերպեց աշխատանոց մը, որուն նպատակն էր մասնակիցները մղել գործունեայ ըլլալու եւ ա՛լ աւելի առողջ եւ ինքնաբաւ կեանք մը վարելու: Աշխատանոցին ընթացքին Արզումանեան-Ղազարեան ներկայացուց բարօրութեան հիմնական 5 քայլեր, որոնք կը նպաստեն թէ՛ անձին առօրեայ եւ թէ՛ համայնքային կեանքի բարելաւման: Աշխատանոցին մասնակիցները առիթ ունեցան մտածելու իրենց անձնական փորձառութիւններուն մասին եւ զանոնք կապելով բարօրութեան 5 քայլերուն` զրուցեցին եկեղեցւոյ մէջ կամաւոր ծառայութիւնը ա՛լ աւելի ազդեցիկ ու ինքնաբուխ ձեւով կատարելու մասին: Իսկ աւարտին տեղի ունեցաւ մշակում Ս. Ծնունդին առիթով ծրագիրներու, զորս կը մտադրուի կազմակերպել Լիբանանի զանազան շրջաններու մէջ:
Սեմինարի մթնոլորտին յաջորդեց ընկերային ընթրիքն ու Քարաոքէի երեկոն: Ներկաները իրենք ճոխացուցին մթնոլորտը հայերէն, արաբերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն երգերով:
Այս մասին կը յայտնէ Ազդակ: