Հարաւային Օսեթիա Կը Պատրաստուի Ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Հարաւային Օսիթիոյ խորհրդարանը կը քննարկէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը: Այս մասին յայտնած է խորհրդարանի խօսնակ Անաթոլի Պիպիլովը, կը հաղորդէ panarmenian.net-ը:
«Մենք կը ցաւինք, որ Հարաւային Օսեթիան մինչեւ այսօր չէ ճանչցած հայերու ցեղասպանութիւնը: Այժմ Հայոց ցեղասպանութեան ընդունման հարցը մտած է Հանրապետութեան խորհրդարանի օրակարգ եւ պիտի դրուի քննարկման: Անհրաժեշտ է Օսմանեան կայսրութեան կողմէ իրականացուած գործողութիւնները որակել որպէս յանցագործութիւն եւ դատապարտել ցեղասպանութեան մերժման քաղաքականութիւնը»,- ըսած է Պիպիլով, կը գրէ Sputnik Արմենիան:
Խօսնակը նշած է, որ «եթէ համաշխարհային գերտերութիւնները այս հարցով կ՛առաջնորդուին տարբեր շահերով, Հարաւային Օսեթիոյ մէջ պատմական ճշմարտութիւնը կասկածի տակ չի դրուիր, այդ իսկ պատճառով առաջնորդուելով պատմական արդարութեան եւ յիշողութեան պահպանման սկզբունքներով` կարեւոր է ճանչնալ Օսմանեան կայսրութեան մէջ տեղի ունեցած վայրագութիւններու եւ հայերու զանգուածային սպանութիւններու փաստը»:
Պիպիլով ըսած է, որ Հարաւային Օսեթիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը այսօր չէ յառաջացել, սակայն հիմա նոր իմաստ ու նշանակութիւն ստացած է:
«Հաշուի առնելով ռուսական օդանաւը խոցելու վերջին միջադէպը եւ զայն գնահատելով որպէս թշնամական դրսեւորում մեր գլխաւոր ռազմավարական դաշնակից Ռուսիոյ նկատմամբ` կը կարծեմ, որ անպատկառ Թուրքիոյ միակ համարժէք պատասխանը, շարք մը այլ համալիր պատասխան քայլերու հետ միատեղ, պիտի ըլլայ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը», – ընդգծած է խորհրդարանի նախագահը:
Նա նաեւ նշած է, որ Հարաւային Օսեթիոյ չ՛անհանգստացներ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու վատացումը, քանի որ յարաբերութիւններ գրեթէ չկան: Նոյնը, խօսնակին կարծիքով, կը վերաբերի Ատրպէյճանին, որը Հարաւային Օսեթիոյ գործընկերը չէ:
Նոյեմբեր 24-ին թքական F-16 կործանիչը ռուսական Սու-24 օդանաւը զգետնեց Սուրիոյ հետ սահմանին: Սու-24 ռուսական ռազմական օդանաւը զարնուած է Սուրիոյ տարածքին «Օդ-օդ» հրիթռով, յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին: Օդաչուներէն մէկը փրկուած է սուրիական բանակի աջակցութեամբ, միւսը` գնդակահարած են ցամաքէն:
Ըստ Ռուսիոյ նախագահին, ռուս օդաչուներն ու ռուսական օդանաւը չէին սպառնար Թուրքիոյ: «Սու-24 ռուսական ռազմական օդանաւի խոցումը հարուած է թիկունքէն, որ հասցուցին ահաբեկիչներուն աջակցողները»,- ըսած է ան: Միաժամանակ Ռուսիոյ նախագահը յայտարարած է, որ Ռուսիա շատոնց հաստատած է, որ Թուրքիոյ տարածքին կայ շատ քարիւղ, որ կը բերուի Իսլամական Պետութեան կողմէ վերահսկուող հանքերէն: