Ատրպէյճանը Շաբաթավերջին Արցախի Ուղղութեամբ Արձակած է Աւելի Քան 1800 Կրակոց

Ղարաբաղա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագծին անցնող շաբաթավերջին հակառակորդի կողմէն հրադադարը խախտուած է շուրջ 115 անգամ, որուն ընթացքին տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ եւ Հան-17 տիպի նռնականետէ հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 1800 կրակոց
ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութեան փոխանցումով` պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ զօրամասերը լիակատար վերահսկողութիւն կը պահպանեն առաջնային գիծի վրայ եւ անհրաժեշտ քայլեր կը ձեռնարկեն մարտական դիրքերու պահպանութիւնը յուսալիօրէն կազմակերպելու համար: