Ոչ Եւս Է Հալէպահայ Ազգային Գործիչ Արաքսի Վիզոյեան

Լիբանանի Այնճար հայաւանին մէջ իր մահկանացուն կնքեց հալէպահայ հասարակական գործիչ, յօդուածագիր եւ գրող Արաքսի Սարգիսեան-Վիզոյեան։
Հանգուցեալը եղած է Հալէպի Թէքէեան Մշակութային Միութեան եւ Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան «Ռուբէն Հերեան» ակումբի երախտաւոր անդամներէն: Ան զանազան պաշտօններու կողքին երկար տարիներ վարած է ԹՄՄի Տիկնանց յանձնախումբի ատենապետութիւնը: Յիսուն տարիներէ աւելի երկարող անսակարկ նուիրումի եւ ազգային գործիչի վառ օրինակ հանդիսացող Արաքսին իր միութենական եւ կուսակցական ընկերներուն կողմէ կոչուած էր ԹՄՄ «մայր»ը եւ անոր հաստատաուն սիւներէն մէկը: Միութենական կեանքէն ներս ան աչքի ինկած է իր անսակարկ նուիրումով, ժրաջան ազգանուէր աշխատանքով եւ կազմակերպչական նախաձեռնողի բարձր ունակութիւններով:
Հանգուցեալը Հալէպի ԹՄՄի պատմութեան անցեալը ներկային կապող արժէքաւոր օղակներէն մէկն էր եւ անոր կորուստը ձեւով մը կորուստն է միութենական կեանքի ամբողջ ժամանակահատուածի մը պատմութեան: Հալէպահայ գաղութին, ինչպէս նաեւ սուրիական հայրենիքի ընկերային կեանքի տարբեր ոլորտներու մէջ մատուցած իր ծառայութեան համար բարձր շքանշանով պարգեւատրուած է Սուրիոյ ընկերային հարցերու եւ աշխատանքի նախարարին կողմէ:
Ան ունեցած է երկու զաւակ եւ 4 թոռներ: Հեղինակ է երկու գիրքերու:
Սուրիոյ պատերազմը պատճառ դարձաւ, որ վերջին տարիներուն ան զրկուի իր ընտանիքի անդամներով եւ հարազատ ընկերներով շրջապատուած ըլլալու բախտէն եւ կեանքին հրաժեշտ տայ կարօտալի աչքերով:

Այս մասին կը յայտնէ Գանձասար:

Scroll Up