ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի Մասնաճիւղի Հիմնադրութեան 45-Ամեակի Հանդիսաւոր Տօնակատարութիւն

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի վարչութեան, շաբաթ, 28 նոյեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 9:00-ին, տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի հիմնադրութեան 45-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւնն ու կալա ընթրիքը` «Լը Ռուայալ» պանդոկին մէջ, Տըպպայէ:
Քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Սիլվա Արսլանեան եւ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն: Ապա բեմ բարձրացաւ օրուան հիւրը` վաստակաւոր երաժիշտ Էլիաս Ռահպանի, որ Անթիլիասի բնակիչ է երկար ժամանակէ ի վեր եւ ականատես եղած է շրջանին մէջ բոլոր համայնքներուն գոյակցութեան: Սրտի խօսքէն ետք ան դաշնակի վրայ նուագեց ստեղծագործութիւն մը :
ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի խօսքը փոխանցեց Իշխան Եղիայեան, որ խօսքը ուղղելով պաշտօնական հիւրերուն եւ ներկաներուն հակիրճ ձեւով ներկայացուց մասնաճիւղի աշխատանքները հիմնադրութենէն մինչեւ մեր օրերը: Ան գնահատեց բոլոր անհատներուն, յանձնախումբերուն եւ հաստատութիւններուն տարած աշխատանքը եւ անոնց ունեցած ներդրումը վասն ՀՄԸՄ-ին: Ապա, ներկայացնելով մասնաճիւղի հիմնադրութեան ժամանակաշրջանը եւ այն սերունդը, որ մասնակցած էր այդ աշխատանքին, Եղիայեան ըսաւ, թէ հանդիսութեան ընթացքին վեց ՀՄԸՄ-ականներ պիտի պարգեւատրուին. ան աւելցուց, որ լաւ պիտի ըլլար, եթէ մնացեալ հիմնադիրները կամ հիմնադրութեան աշխատանքին մասնակցողներն ալ ներկայ ըլլային հանդիսութեան (անոնք ճամբորդած կամ մահացած են): Ան յոյս յայտնեց, որ յառաջիկայ վարչութիւնները շարունակեն գնահատել վաստակաւոր ՀՄԸՄ-ականները:
Հրայր Խաչատուրեան
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան խօսքը փոխանցեց Հրայր Խաչատուրեան: Անդրադառնալով մասնաճիւղի 45 տարուան գործունէութեան` ան հաստատեց, որ այդ թուականէն մինչեւ այսօր, Անթիլիասի հայահոծ շրջանին մէջ ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղը կազմակերպուած է, իր շուրջ համախմբուած են մեծ թիւով հայորդիներ եւ ՀՄԸՄ-ականներ, աշխատանքի ծաւալը օրէ օր ընդլայնած է, իսկ յաջողութիւններն ու ձեռքբերումները տարուէ տարի բազմացած են: Իր խօսքի աւարտին Հրայր Խաչատուրեան Շրջանային վարչութեան անունով շնորհաւորեց ՀՄԸՄ Անթիլիասի մեծ ընտանիքը` մասնաճիւղի վարչութիւնը, անդամները, սկաուտական եւ մարզական խումբերը, նորանոր յաջողութիւններ ու վերելք մաղթելով մասնաճիւղին:
Ապա տեղի ունեցաւ «Ծառայութեան» շքանշանի եւ գնահատական գիրի տուչութիւն Գեղանի Էթիէմեզեանին, Յովսէփ Մարգարեանին, Պետիկ Սապունճեանին, Զաւէն Գասապեանին, Նազարէթ Սապունճեանին եւ Անդրանիկ Պէօյիւքեանին (ի բացակայութեան), որոնք ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին մէջ ունեցած են իրենց ուրոյն ներդրումը:
ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան ներկայացուց Արա Յակոբեանի կենսագրականը եւ անոր վարած գործունէութիւնն ու ունեցած վաստակը միութեան մէջ: Ան նշեց, որ Յակոբեան կը ներկայացնէ տիպար ՀՄԸՄ-ականը, միութենականը եւ մարզիկը: Իր խօսքի աւարտին, Մկրտիչեան յանձնեց «Արժանեաց» շքանշանն ու հաստատագիրը:
Յայտագիրի ընթացքին Պետիկ Սապունճեան իր սրտի խօսքը փոխանցեց մասնաճիւղի 45-ամեակին առիթով: Խօսք առաւ նաեւ Լիբանանի Պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ուալիտ Նասսար, որմէ ետք իր պատգամը փոխանցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, որ շնորհաւորեց ամբողջ 45 տարի պատնէշի վրայ մնացած ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղը:
Գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցան ջութակահար Լիւսի Չամսզեան, երգչուհի Լիզա Սվաճեան եւ երգիչ Ժան Նագգաշեան:
Հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում:
Այս մասին կը յայտնէ Ազդակ