«Հեռուստամարաթոն-2015»-ին զուգընթաց ձեռնարկ Նոր Ջուղայի մէջ (լուսանկարներ)

Նոյեմբեր 26-ին, “Հեռուստամարաթոն-2015”-ի համահայկական դրամահաւաքին զուգընթաց, Նոր Ջուղայի Հայ մարզամշակութային “Արարատ” միութեան սրահի մէջ շրջանի Հայ դատի յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ եւ “Ռուբէն” երիտասարդական միութեան կազմակերպութեամբ` տեղի ունեցաւ դրամահաւաք, որուն ընթացքին հանգանակուած գումարը պիտի ուղղուի Արցախի մէջ հինգ զաւակ ունեցող անապահով ընտանիքներուն բնակարանով ապահովելու նպատակին: Այս մասին Իրանէն “Հայերն այսօր”-ին կը տեղեկացնէ Երանուշ Թահմազեանը:
“Մեր տունը”-ը նշանաբանի ներքոյ իրականացուած դրամահաւաքին իրենց սրտաբուխ նուիրատուութեամբ մասնակցեցան Սպահանի Հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Բաբգէն արք. Չարեան,ազգային մարմինները, միութիւնները, Հայոց ազգային դպրոցները եւ ժողովուրդը:
Նշելի է, որ սկսած 2003 թուականէն` ամենամեայ “Հայաստան” համահայկական հիմնադրամի հեռուստամարաթօնին զուգահեռ, Նոր Ջուղայի մէջ եւս տեղի կ’ունենայ դրամահաւաք:
Լուսանկարները` հեղինակի