Թուրքիոյ ատամնաբոյժներէն լաւագոյնը ճանչցուած է 24-ամեայ հայ երիտասարդը

Ստամբուլի համալսարանի ատամնաբուժութեան բաժանմունքի շրջանաւարտ 24-ամեայ Ռուդի Պոյաճեան Թուրքիոյ մէջ ատամբնաբոյժներու շրջանակէն ներս իրականացուած քննութեան զբաղեցուցած է առաջին տեղը: Համալսարանը նոր աւարտած Պոյաճեանը, մասնակցելով ատամնաբոյժներու մասնագիտական քննութեան, ստացած է 108.5 միաւոր` դառնալով առաջինը քննութեանը մասնակից 2400 ատամնաբոյժի մէջ:

Պոյաճեան “Ակօս” շաբաթաթերթի հետ զրոյցին ըսած է, որ կը ցանկայ շարունակել կրթութիւնը` խորանալով գիտութեան մէջ:

Ըստ Պոյաճեանի` ատամնաբոյժի մասնագիտութեան մասին նախ չէ ալ մտածած, սակայն համալսարանի քննութիւնները յանձնելէն ետք ընտրած է Սթամպուլի համալսարանի ատամնաբուժութեան բաժանմունքը:

“Ուսումս սկսելէն ետք հաւնեցայ այս մասնագիտութիւնը: Զիս ամէնէն շատ կը գրաւէ այն, որ ապագային մարդիկ երախտապարտ պիտի ըլլան ինծի”- ermenihaber.am-ի փոխանցմամբ ըսած է պոլսահայ ատամնաբոյժը:

Scroll Up