Կաթոլիկ Մայրապետներ Ջաւախքի Մէջ Կը Հիմնեն Մանկապարտէզ

Վերջերս Նինոծմինտայի քաղաքապետութեան Հեշտիա գիւղին մէջ բացումը կատարուեցաւ նոր մանկապարտէզին Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մայրապետներուն նիւթական յատկացումով: Մանկապարտէզի տուեալ շէնքը կը պատկանի Հեշտիա գիւղի կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ աւելի քան տասը տարիէ ի վեր անիկա կը գործէ իբրեւ հիւանդանոց: Այս մասին կը յայտնէ Գանատայի Հորիզոն թերթը։
Դպրոցին մէջ կան բոլոր պայմանները` երեխաներու բնական եւ յարմարաւէտ դաստիարակութեան համար: Ներկայ դրութեամբ մանկապարտէզ կը յաճախեն աւելի քան 50-է աւելի երեխաներ. կը ծրագրուի մէկ խումբ եւս աւելցնել: