Այնճարի Հայ Աւետարանական Երկրորդական Վարժարանը Մասնակցեցաւ «Պի Տը Չէյնճ» Տօնախմբութեան Մեքսիքայի Մէջ

Այս տարուան Յունիսին Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանը մասնակցեցաւ «Տիզայն ֆոր չէյնճ» նախաձեռնութեան, ուր Լիբանանի տարբեր շրջաններէ վարժարաններու աշակերտներ իրենց մասնակցութիւնը բերին մրցոյթի մը, որուն նպատակն էր դրական փոփոխութիւններ յառաջացնել տարբեր շրջանակներու մէջ:
Մրցոյթին բարձր գնահատանքի արժանացան Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանը ներկայացնող 3 խումբերը, որոնք աշխատանք տարած էին վարժարանի անմիջական շրջապատի բարելաւման համար: Իսկ առաջին հանդիսացաւ վարժարանի աշակերտներէն Սպիտակ Տեմիրճեանը, որ անձապէս շինած եւ վարժարանի գրասենեակին մէջ զետեղած էր արեւի ուժով տաք ջուր ստանալու կազմած մը:
Սպիտակ կազմածին բոլոր մասերը վերամշակած էր նախապէս օգտագործուած եւ անգործածելի դարձած մասնիկներէ:
Այնուհետեւ սեպտեմբերին Սպիտակ եւ իր պատասխանատու ուսուցչուհին` Ծաղիկ Սթամպուլեան-Հապէշեանը մասնակցեցան «Պի տը չէյնճ» տօնախմբութեան, որ տեղի ունեցաւ Մեքսիքայի Մոնթերէյ քաղաքին մէջ:
Մեքսիքայի մէջ տարբեր երկիրներէ ժամանած աշակերտներու կողքին, Սպիտակ Տեմիրճեան ներկայացուց իր ձեռնարկած աշխատանքը` արժանանալով ներկաներուն բարձր գնահատանքին:
Ան իր պատասխանատու ուսուցչուհիին հետ առիթը ունեցաւ ծանօթանալու շրջանի բարձրաստիճան կառավարական պաշտօնեայ Յովսէփ Սարուխանեանին:
Տօնախմբութենէն ետք, քանի մը օր անոնք առիթ ունեցան այցելելու թանգարաններ, հանրային պարտէզներ եւ շրջանի պատմական վայրեր` բարձր տրամադրութիւններով վերադառնալով Լիբանան: