TT Warsaw 2015. Հայաստանի Զբօսաշրջային Գրաւչութիւնը Կը Ներկայացուի Լեհաստանի Մէջ

Հայաստանի զարգացման հիմնադրամը հայկական զբօսաշրջային ընկերութիւններուն հետ համատեղ Նոյեմբեր 26-28 Լեհաստանի մայրաքաղաք Վարշաւայի մէջ մեր երկիրը կը ներկայացնէ TT Warsaw 2015 ամենամեայ միջազգային ցուցահանդէսին: Այս մասին կը տեղեկացնեն Հայաստանի զարգացման հիմնադրամի լրատուական ծառայութենէն:
«Հայաստան այս ցուցահանդէսին կը ներկայանայ առաջին անգամ: Այն շատ կարեւոր է հայլեհական զբօսաշրջային կապերը ամրապնդելու եւ երկկողմանի զբօսաշրջային հոսքերը խթանելու համար, յատկապէս, որ լեհական «Լոտ» օդանաւային ընկերութիւնը 2016թ. Յունուար 1էն կը մեկնարկէ Վարշաւա-Երեւան ուղիղ չուերթները: Առաւել եւս, Հայաստան կ’առաջարկէ լաւագոյնը` լեհ զբօսաշրջիկներու նախապատուութիւններուն համապատասխան: Ցուցահանդէսը զբօսաշրջային գործակալներու եւ զբօսաշրջութեան գործարարութեան ներկայացուցիչներուն համար գործնական կապեր ստեղծելու գերազանց հնարաւորութիւն կ’ընձեռէ, -նշած է Հայաստանի զարգացման հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արման Խաչատրեան:
TT Warsaw ձեռնարկը կ’իրականացուի աւելի քան 20 տարի եւ Լեհաստանի մէջ ամենակարեւոր հարթակներէն մէկն է զբօսաշրջային արդիւնքներու ներկայացման եւ խթանման համար: