Հայաստանն Ու Նորվեկիան Կը Ստորագրեն Վիզաներու Տրամադրումը Դիւրացնելու Համաձայնագիր
ՀՀ կառավարութիւնը հաւանութիւն տուաւ Հայաստանի եւ Նորվեկիոյ Թագաւորութեան միջեւ վիզաներու տրամադրումը դիւրացնելու մասին համաձայնագիրի կնքման առաջարկութեան:
«Համաձայնագրի նպատակն է դիւրացնել վիզաների տրամադրումը Հայաստանի քաղաքացիներին, ովքեր կը կարողանան Նորվեգիայում գտնուել իւրաքանչիւր 180 օրուայ ընթացքում 90 օրուանից ոչ աւելի»,- Արցախփրէսի փոխանցմամբ` ըսաւ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Շաւարշ Քոչարեան:
Համաձայնագիրը հնարաւորութիւն կու տայ ՀՀ քաղաքացիներուն Նորվեկիա այցելելու համար մուտքի վիզա ձեռք բերել ՀՀ եւ ԵՄ միջեւ համաձայնագիրով սահմանուած նմանատիպ պայմաններով: