Մոսկուան Այդպէս Ալ Թուրքիայէն Չլսեց Ներողութեան Խօսքեր.Փութինի Յայտարարութիւնը

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարած է, որ Մոսկուան այդպէս ալ չլսեց Թուրքիոյ իշխանութենէն ներողութեան խօսքեր, կամ ալ յանցագործներուն պատժելու խոստումներ: Ռուս-թրքական յարաբերութիւններու վերջին սրացման Փութին անդրադարձած է Գրեմլի մէջ 15 օտարերկրեայ դիւանագէտներու հաւատարմագիրներու ընդունման արարողութեան ժամանակ:
«Այնպիսի տպաւորութիւն կը ստեղծուի, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները միտումնաւոր Մոսկուայի հետ յարաբերութիւնները կը տանին փակուղի, կը ցաւինք ատոր համար»,- armradio.am-ի փոխանցմամբ` ըսած է Ռուսաստանի նախագահը:
Փութին ընդգծած է, որ անբացատրելի կը համարէ դաւաճանութիւն յիշեցնող հարուածները այն երկիրներէն, որոնց կը համարէր գործընկեր ահաբեկչութեան դէմ պայքարին: «Ռուսական Су-24-ի հետ տեղի ունեցածը կը հակասէ միջազգային իրաւունքի չափանիշները», ըսած է Ռուսաստանի նախագահը: