Ցեղասպանութեան Նուիրուած Մոմավառութիւն Տենվըրի Մէջ
Դեկտեմբեր 6ին տեղի պիտի ունենայ Քոլորատոյի մէջ իրականացած եւ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն վերջինը, որ բոլոր ցեղասպանութեանց վրայ լուսարձակ բանալու նպատակով մոմավառութիւն մըն է, Տենվըրի մէջ գտնուող Քոլորատոյի խորհրդարանի շէնքին առջեւ զետեղուած եւ Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձան-խաչքարին շուրջ, մասնակցութեամբ համայնքային կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներու եւ պաշտօնատարներու։
«Քոլորատոյի հայեր» կազմակերպութեան նախաձեռնած այս ձեռնակը պիտի իրականանայ համագործակցութեամբ՝ Քոլորատոյի Հայ Դատի յանձնախումբին, Ցեղասպանութեանց ճանաչման Քոլորատոյի համախմբումին, Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի հիւպատոսարանին եւ æուլֆայի համացանցային թանգարանին։ Ձեռնարկի գլխաւոր բանախօսն է Քոլորատոյի նահանգային խորհրդարանի նախագահ Էնտրու Ռոմանոֆ, իսկ անոր ընթացքին ելոյթներ պիտի ունենան նահանգապետ Ռիչըրտ Լեմ, քոնկրեսական Մայք Քոֆմընի ներկայացուցիչը, Քոլորատոյի նահանգային Ծերակոյտի փոքրամասնութեան ղեկավար Մորկըն Քերըլ, Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի աւագ հիւպատոս Սերգէյ Սարգիսով եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Էլէն Ասատրեան։
Մոմավառութեան ընթացքին պիտի նշուի նաեւ ատրպէյճանցիներու կողմէ æուլֆայի հարիւրաւոր խաչքարներու ցեղասպանական քանդումին տասնամեակը։ Յատուկ ելոյթ մը պիտի ունենայ նաեւ Ցեղասպանութեանց ճանաչման Քոլորատոյի համախմբումի հիմնադիր Ռոզ Տուման։ «Քոլորատոյի հայեր» կազմակերպութեան մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար այցելել՝ www.ArmeniansOfColorado.org կայքը։
Այս մասին կը յայտնէ Ասպարէզ: