Նոյեմբեր 13ի դէպքերուն նուիրուած ամէնէն գեղեցիկ գծանկարներէն մէկը կը պատկանի Հայու մը
Ամերիկեան «The New-Yorker» շաբաթաթերթի կողքին վրայ լոյս տեսած ֆրանսահայ Շառլ Պէրպէրեանի գծանկարը, անկասկած, ամէնէն յաջողներէն է՝ Նոյեմբեր 13ի փարիզեան դէպքերուն նուիրուած նման գործերու մէջ: Այս մասին կը գրէ Ազատ օր:
Հոն կը տեսնենք մարդիկ, որոնք սրճարանի մը առջեւը նստած են. կենաց բաժակ կը բարձրացնեն, կը խմեն, կեանքը կը վայելեն: Ու գծանկարին վերեւը կ՚երեւի արնագոյն, կաս-կարմիր երկինք մը, յառաջիկայ վայրկեաններուն պատահելիք ողբերգութեան նախերգանքի մը նման:
Պէրպէրեան ծնած է Պաղտատի մէջ, 1959ին: Իր երիտասարդութեան շրջանը բոլորելէ ետք Լիբանանի մէջ, յաճախած է Փարիզի Գեղարուեստի բարձրագոյն՝ «Օլիվիէ տը Սէռ» դպրոցը: Շարժանկարի բեմադիր Ալէն Պէրպէրեանի եղբայրն է: 2008ին պարգեւատրուած է Անկուլէմ քաղաքի մրցանակով: