Անմոռանալի տօնական օրեր՝ Թեսաղոնիկէի եւ շրջաններու հայութեան համար

20, 21 եւ 22 Նոյեմբերին, Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հաւատաւոր զաւակները ապրեցան ամենամեայ ոգեւորիչ պահերը՝ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ 112րդ տարեդարձին առիթով:

Ամիսներ առաջ արդէն իսկ ծրագրուած աշխատանքները ի գործ դրուեցան այս երեք օրերուն ընթացքին:
Ուրբաթ՝ 20 Նոյեմբեր 2015ին առաւօտեան ժամը 10ին, մատաղի պատրաստութեան աշխատանքները սկսան եկեղեցւոյս Տիկնանց Միութեան կողմէ: Հայր Սուրբը միսն ու աղը օրհնելէ ետք, մեր սիրելի տիկինները գործի լծուեցան՝ պատրաստելու համար Կիրակի օրուան մատաղը: Ապա՝ տեղի ունեցաւ մտերմիկ ճաշ, ուր Թաղական Խորհուրդի եւ Տիկնանց Միութեան անդամները հաւաքուեցան, կրկին անգամ կատարելու իրենց ծառայական ուխտը:
Շաբաթ՝ 21 Նոյեմբերին տակաւին կը շարունակուէին Տիկնանց Միութեան աշխատանքները։ Երեկոյեան ժամը 7ին Ս. Աստուածածին եկեղեցիէն ներս տեղի ունեցաւ Կիրակնամտից ժամերգութիւն՝ գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյս եւ հայ համայնքի հոգեւոր հովիւ Սմբատ Վրդ. Սապունճեանի: Ժամերգութենէն ետք, «Տէր-Զաքարեան» սրահէն ներս, տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընթրիք՝ կազմակերպութեամբ Տիկնանց Միութեան: Խուռներամ բազմութիւնը հաւաքուեցաւ սրահէն ներս, ճոխ մթնոլորտ կը տիրէր եւ Ս. Աստուածածնայ եկեղեցւոյ տօնին բոյրը կը տարածուէր սրահէն ներս:
Բացման խօսքը կատարեց Տիկնանց Միութեան ատենապետուհի տիկին Վերգին Աւետիսեան՝ բարի գալուստ մաղթելով տօնին առիթով Աթէնքէն ժամանած թեմակալ առաջնորդ Սրբազան Հօր, Ազգային Վարչութեան ատենապետին եւ բոլոր ներկաներուն:

Ապա՝ Հայր Սուրբը ընթերցեց Թաղական Խորհուրդի եռամեայ տեղեկագիրը։ Իր խօսքի աւարտին, Հայր Սուրբը ըսաւ.- «112 տարիներ առաջ Թեսաղոնիկէի ծովափեայ շրջանէն ներս կառուցուեցաւ այս եկեղեցին: Ցեղասպանութենէն առաջ իսկ գոյութիւն ունեցող այս եկեղեցին դարձաւ ազգային եւ հոգեւոր բոյրը արձակող անդաստան՝ բոլորիս հարազատ տունը: 112 տարիներ այս եկեղեցին եղաւ ժողովուրդին եւ ժողովուրդը՝ եկեղեցիին: Սրտի պարտք կը զգանք յիշելու բոլոր այն հաւատացեալ հայորդիները, որոնք կառչած մնացին այս եկեղեցւոյ եւ ծառայեցին առանց վարանելու: Թող որ Աստուած միշտ ալ օրհնէ անոնց, ըլլան անոնք այս աշխարհին մէջ կամ անդի աշխարհ: Այսօր մենք այստեղ միատեղուած կը տօնենք մեր եկեղեցւոյ 112րդ տարեդարձը՝ աղօթելով առ բարձրեալն Աստուած, որ կանգուն պահէ այս եկեղեցին իր հաւատացեալներով մեր բոլորիս շնորհելով գիտակցութիւնը հաւատարմօրէն ծառայելու ի սէր Հայ ազգին եւ ի պանծացումն Հայ Առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ»։
Խօսք առաւ Ազգային Վարչութեան ատենապետ պարոն Արա Մանկոյեան՝ իր գոհունակութիւնը եւ ուրախութիւնը յայտնելով կրկին անգամ ներկայ գտնուելուն համար։ Ան անդրադարձաւ յունահայութեան ներկայ իրավիճակին, ինչպէս նաեւ ընդհանրապէս հայութեան ներկան յուզող հարցերուն, մանաւանդ՝ Սուրիոյ հայութեան դիմագրաւած տագնապին:
Այնուհետեւ, Համազգայինի «Մարտիրոս Սարեան» մասնաճիւղի «Մասիս» պարախումբը իր մասնակցութիւնը բերաւ՝ երեկոն գեղեցկացնելով հայկական աւանդական պարերով:
Աւարտին՝ Խորէն Արք. Տողրամաճեան Սրբազան Հայրը իր սրտի խօսքը ուղղեց ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդին՝ ոգեկոչելով եւ յարգանքի տուրք մատուցանելով բոլոր այն հաւատացեալ զաւակներուն, որոնք այս 112 տարուայ ընթացքին ծառայեցին Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցիէն ներս։ Ան նաեւ շնորհաւորեց տիկին Վերա Պլեճեանը, որ ընտրուեցաւ Ազգային Վարչութեան անդամ։ Սրբազան Հայրը յատուկ անակնկալով մը յայտարարեց, թէ այս տարի Յունաստանի բոլոր շրջաններէն ներս տեղի պիտի ունենան ձեռնադրութիւններ: Այս ծիրէն ներս, Կիրակի՝ Դեկտեմբեր 27ին տեղի պիտի ունենայ Սարկաւագական ձեռնադրութիւն երկու ուրարակիրներու, որոնք երկար տարիներ անսակարկօրէն ծառայեցին եկեղեցիէն ներս։ Ձեռամբ Խորէն Արք. Տողրամաճեանի՝ Սարկաւագ պիտի ձեռնադրուին պարոն Վահրամ Պէքթաշեան եւ պարոն Աւետիս Աւետիսեան:
Իսկ Կիրակի օր, առաւօտեան ժամը 10:30ին, տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ, որ մատուցուեցաւ թեմիս առաջնորդ Խորէն Արք. Տողրամաճեանի կողմէ: Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ հոգեհանգիստ՝ բոլոր այն անձերուն համար, որոնք այս եկեղեցւոյ կողքին կանգնած էին մինչեւ իրենց կեանքի աւարտը։ Ապա՝ տեղի ունեցաւ մատաղօրհնէք եւ ջրօրհնէք՝ նոր սրբալոյս միւռոնով:

Սրբազանը իր քարոզին մէջ կարեւորութեամբ շեշտեց Ս. Աստուածածնայ դերակատարութիւնը մեր կեանքէն ներս: Այժմէական մօտեցումով՝ Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ այսօրուայ աշխարհին մէջ տեղի ունեցող դէպքերուն եւ իրավիճակին՝ շեշտելով, թէ մենք որպէս հայ ազգի զաւակներ պէտք է կառչած մնանք մեր արժէքներուն եւ այսօրուան ա՛յս եկեղեցւոյ տօնը յուշարար է՝ միշտ կառչած մնալու մեր եկեղեցւոյ, նաեւ մեր սրտերուն մէջ պահելով Մէկ Հայրենիք եւ Մէկ Հայաստան տեսլականը, եւ այդ ոգիով ապրինք օտարութեան մէջ:
Պատարագի աւարտին երգուեցան «Կիլիկիա» մաղթերգը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգը, ամէն տարուան սովորութեան համաձայն: Հաւատացեալները կրկին անգամ վայելեցին «Մասիս» պարախումբի ներկայացումը՝ այս անգամ նոր պարով եւ նաեւ հաւաքական շուրջպարով:
Ապա տեղի ունեցաւ պաշտօնական ճաշ՝ կազմակերպութեամբ Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդի: Ուրախալի էր տեսնել մեր հաւատացեալները, որոնք ժամանած էին Յունաստանի զանազան շրջաններէն, նաեւ՝ Պոլիսէն:
Վերջապէս, իսկապէս տպաւորիչ էր այն, ինչ որ կատարուեցաւ Թեսաղոնիկէի մէջ անցնող այս երեք օրերուն։
Մեր միակ աղօթքը պիտի ըլլայ, որ Աստուած մեզ բոլորիս պարգեւէ առողջութիւն՝ շարունակելու համար այս հաւատքի երթը՝ Քրիստոսի ուղիով:

Սմբատ Վրդ. Սապունճեան

Ազատ օր

Scroll Up