Ալէն Պերպերեան New Yorker Ամսագիրի Մասին. Ես Կ’ուզէի Պատկերել Երջանիկ Փարիզցիները
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/11/Alen-Berberyan-300x226.jpg)
Դժուար է հասկնալ ու ընդունիլ այն, ինչ տեղի ունեցաւ Փարիզի մէջ: Այս մասին յայտարարած է ֆրանսահայ նկարիչ Ալէն Պերպերեան, որուն «Փարիզ, Նոյեմբեր 2015» նկարը պիտի յայտնուի New Yorker ամսագիրի յաջորդ համարի շապիկին:
Ըստ NEWS.am-ի` ֆրանսական LCI նորութիւններու ալիքին տուած հարցազրոյցին Պերպերեան նշած է. «Ես պատկերած եմ նկար մը, ուր մարդիկ երջանիկ են: Ես կ’ուզէին ազատուիլ լարուածութենէն: Ես տեսայ «Գոզա Նոստրա» ճաշարանի յարձակման նկարները, ես տեսայ տեսախցիկներու նկարածը, թէ ինչպէս մարդիկ կը պառկին գետինը:
Դժուար է այդ ամէնը հասկնալ ու ընդունիլ: Հիմա կեանքը բաժնուած է «առաջ» եւ «յետոյ»-ի, բայց ես կ’ուզեմ ցոյց տալ կեանքը, որ կը շարունակուի: Մարդիկ կը շարունակեն ապրիլ, երեկոներ անցնել. Ծաղկեփունջերով յիշելով զոհուածները»: