Դասական Հայաստանը Անսպասելիօրէն Կը Դառնայ Դպրոցներու Երկիր

ՙ՚Հեղինակաւոր GEO ամսագիրի յա ջորդ` Դեկտեմբերի համարի հիմնական թեման կը վերաբերի Հայաստանին, կը գըրէ «Զարթօնք»:
Յայտնի լրագրող Տմիթրի Կուպին ՙՀայաստան. ապագայի դասեր՚ խորա գիրը կրող յօդուածին մէջ կը պատմէ, Հայաստան կատարած ճանապարհորդութենէն իր տպաւորութիւններուն մասին` շեշտը յատկապէս դնելով Հայաստանի մէջ իրականացող կրթական ծրագիրներու եւ առկայ կրթական ներուժի վրայ: Այս մասին կը տեղեկացնէ ՙՀայաստանի զարգացման նախաձեռ նութիւններ՚ հիմնադրամի (IDEA) հան րային կապերու բաժինը:
ՙԴասական Հայաստանը, ինչպէս կը գրէր Օսիբ Մանտելշթամ, քարէ տանիք ներով եկեղեցիներու եւ ՙխռպոտ օքրա յի՚ գոյնի լեռներու երկիրը, անսպասելիօրէն կը դառնայ … դպրոցներու երկիր: Ի՞նչ կը սորվեցնեն այնտեղ. Ապագան՚, կը գրէ հեղինակը: Հրապարկման մէջ ան մասնաւորաբար կ՛անդրադառնայ UWC Դիլիճան քոլէճին եւ ՙԹումո՚ ստեղծարար ճարտա րագիտութիւններու կեդրոնին` եզրակացնելով, որ ՙՀայաստանը մեզի կը զարմացնէ 25 տարի յետոյ՚:
Նշենք, որ ռուսաստանցի լրագ րողներու այցը կազմակերպուած էր ՙՀայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ՚ (IDeA) հիմնադրամին կողմէ, որուն ընթացքին անոնք ծանօթացած էին Հայաստանի զբօսաշրջային հնարաւորութիւններուն, ինչպէս նաեւ հիմնադրամին կողմէ իրականացուող ծրագիրներուն: