Ասմունքի Ամենամեայ 8-րդ Փառատօնը

Աւարտեց ՀՀ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի բարձր հովանիի ներքոյ իրականացուող ասմունքի ամենամեայ մանկապատանեկան 8-րդ մրցոյթ-փառատօնը: Այն նուիրուած էր ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհ. Թումանեանի ծննդեան 145 եւ հայ գրականութեան վարպետ Աւ. Իսահակեանի ծննդեան 140-ամեակներուն: Փառատօնի մասնակիցներու թիւը տարիէ-տարի աւելցած եւ այս տարի հասած է 220 հազարի: Մրցոյթ-փառատօնի նպատակն է առաւել կարեւորել մատաղ սերունդի ուշադրութիւնը դէպի հայ գրականութիւնը, բանաւոր խօսքն ու սէրը դէպի մշակոյթի բարդ ճիւղերէն մէկը` ասմունքը, կը գրէ akhaltskha.net-ը:

Ասմունքի մրցոյթ-փառատօնին կը մասնակցէին ոչ միայն Հայաստանի, այլ Արցախի, Ջաւախքի ու սփիւռքի բազմաթիւ դպրոցներու աշակերտներ`տարբեր տարիքային խումբերու մէջ: Այս տարուան մրցոյթ–փառատօնին ջաւախքցի մասնակից Ալվարդ Մատոյեան (Նինոծմինտայի երիտասարդական կրթամշակութային կեդրոն) արժանացաւ խրախուսական պարգեւի: Ան մասնակցեցաւ նաեւ Նոյեմբեր 20-ին Հ. Պարոնեանի անվ. երաժշտական երգիծական պետական թատրոնին մէջ կայացած տօնական  համերգին:

Scroll Up