Ալեւքայասի Հայկական Վանքի Ներկայի Վիճակը

Ալեւքայասի մէջ գտնուող Սուրբ Մակար հայկական վանքը, փոխանակ իր դռները զբօսաշրջիկներու առջեւ բանալու, կը քանդուի, կ’ոչնչանուի: Տարիներ շարունակ անուշադրութեան մատնուած վանքի ներկայիս վիճակը շատ ցաւալի է… Վանքի պահպանութեան համար ոչ մէկ քայլ չէ ձեռնարկուած, որուն հետեւանքով այն եւ՛ ներսէն, եւ’ դուրսէն աւերուած է, իսկ որոշ հատուածներ ալ փլուզման եզրին են: Տարիներ առաջ վանքի որոշ սենեակներ վարձով  տրուած են: Այսօր կարելի է տեսնել այդ օրերու վատ վերաբերմունքի հետքերը:

Տարիներ առաջ վարձով  տրուած էր` զբօսաշրջութեան նպատակով
1997 թ. Նախարարներու խորհուրդի որոշմամբ զբօսաշրջութեան մէջ ներգրաւելու համար վանքը 49 տարի ժամանակահատուածով վարձով  տրուած էր Տերուիշ Սեոնմեզին, սակայն 2005 թ. որոշուած էր չեղեալ յայտարարել պայմանագիրը:
Վանքը 2005 թ. ի վեր լքուած է, պատկան մարմինները որեւէ բան չեն ըներ, որպէսզի վանքի դռները բանան զբօսաշրջիկներու առջեւ:
Բազմաթիւ այլ պատմական կոթողներու պէս` այս վանքն ալ  ձգուած է ճակատագրի քմահաճոյքին:

Ալեւքայասի Սուրբ Մակար հայկական վանքը
Ալեւքայասի Փլատանիոցա անտառին մէջ գտնուող Սուրբ Մակար վանքը, որ յայտնի է նաեւ Մակարավանք անունով, կառուցուած է ի պատիւ Սուրբ Մակարիոսի (306-395), որ ճգնաւոր  եղած է Ալեքսանտրիոյ մէջ: Համաձայն աւանդոյթի` քանի որ այս սուրբը որոշակի ժամանակ ճգնաւորի կեանքով ապրած է շրջակայ քարանձաւներուն մէջ, անոր յիշատակի օրը` Մայիսի առաջին կիրակի օրը, Սուրբ Մակար վանքին մէջ տօնակատարութիւններ կը կատարուին անոր պատուին: Վանքը կառուցած են մօտաւորապէս IX դարուն Կիպրոսի փոքրաթիւ քրիստոնեայ եգիպտացիները` ղպտիները: 1425 թ. վանքը անցած է հայկական եկեղեցւոյ իրաւասութեան տակ: Տարիներ շարունակ վանքը եղած է Սուրիոյ, Լիբանանի, Հայաստանի  եւ Կիպրոսի մէջ ապրող հայերու կարեւոր ուխտավայրը: Օսմանեան ժամանակաշրջանին (1571-1878) դրան եւ պատուհաններուն գոյնին պատճառով յիշատակուած է որպէս «Կապոյտ վանք»: 1642 թ. օսմանեան կառավարութիւնը վանքի սեփականութեան իրաւունքը` թափուն, տուած է հայ եկեղեցւոյ: 1660-1701 թթ. սեփականութեան իրաւունքը վերահաստատուած է, իսկ վանքն ալ յարկերէն ազատուած: Կարելի է ըսել, որ վանքը 1650-1750 թթ. ապրած է իր ոսկեդարը: Ծովի մակերեւոյթէն մօտ 530 մ բարձրութեան վրայ գտնուող վանքը մինչեւ ծով երկարող 8500-9000 տոնըմ հողատարածք ունի, որուն մէջ ներառուած է նաեւ 1 քմ երկարութեամբ ծովափը: Մինչ 1974 թ. այս հողակտորին վրայ աճող ձիթապտուղի ծառերէն հայ եպիսկոպոսարանը տարեկան 8000 կիպրական լիրայի եկամուտ կը ստանար:
1734-1735 թթ., 1814 թ. եւ 1947-1949 թթ. վանքը վերանորոգուած է: 1814 թ. միջին բակին մէջ եկեղեցի  կառուցուած, իսկ 1926 թ.` զանգակատուն: Ժամանակ մը այստեղ պատմական, հոգեւոր եւ ազգային արժէք ներկայացնող բազմաթիւ ձեռագիրներ կը պահուէին, որոնցմէ ամենահինը կը թուագրուէր 1202 թ., ամենանորը` 1740 թ.: 1947 թ. ձեռագիրներէն 56 տարած են Լիբանանի Անթիլիասի մէջ գտնուող Կիլիկիոյ կաթողիկոսարան:
Վանքը եղած է  վայր մը, ուր հանգստանալու եւ ապաքինուելու համար ամրան ամիսներուն կու գային Կիլիկիոյ կաթոլիկ պատրիարքներն ու քահանաները: Բացի այդ, ամառնային ամիսներուն հանգստանալու եւ արձակուրդը վայելելու նպատակով այստեղ կու գային նաեւ Կիպրոսի որոշ հայ ընտանիքներ: Մելքոնեան վարժարանի աշակերտներն ու հայ սկաուտները վանքի շրջակայքին մէջ վրաններ կը տեղադրէին: Սուրբ Մակարիոսի տօնին` Մայիս ամսուան առաջին կիրակի օրը, վանքը կը դառնար գրեթէ ողջ հայութեան հանդիպման վայրը: Այդ օրը հարիսա կը պատրաստէին եւ կը հիւրասիրէին բոլոր ներկաներուն: Թէեւ 1974 թ. յետոյ դէպի վանք ուխտագնացութիւնները նուազած էին, սակայն 2007 թ. կրկին ուխտաւորներու հոծ ալիք սկսաւ:

(Թունճեր Պաղըշքան, «Ատրես» ամսագիր)
http://www.yeniduzen.com/Haberler/ozel-haber/alevkayasi-ndaki-ermeni-manastiri-nin-son-durumu/58083
թարգմանեց Անահիտ Քարտաշեան
Akunq.net

Scroll Up