Հոգեհանգստեան Արարողութիւն Նոր Ջուղայի Մէջ` Ի Յիշատակ «Արարատ» Միութեան Ննջեցեալ Միութենականներուն (Լուսանկարներ)
Նոր Ջուղայի Հայ մարզամշակութային «Արարատ» միութեան հիմնադրման 60-ամեակի յոբելեանական ձեռնարկներու շարանին մէջ Նոյեմբեր 20-ի առաւօտեան ժամը 10-ին, Նոր Ջուղայի Հայոց ազգ. Գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն` ի յիշատակ միութեան ննջեցեալ հիմնադիրներու եւ միութենականներու, որոնք նշանակալի դեր ունեցած են միութեան կեանքի վերելքին: Այս մասին «Հայերն այսօրին» կը յայտնէ Նոր Ջուղայի «Արարատ» միութեան թղթակից Երանուշ Թահմազեան:
Հոգեհանգստեան արարողութիւնը` գլխաւորութեամբ Սպահանի Հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Բաբգէն արք. Չարեանի եւ մասնակցութեամբ Շահինշահր քաղաքի հոգեւոր տեսուչ Տ. Անանիա վրդ. Գուճանեանի, հոգեւորաց եւ դպրաց դասերու ու միութեան Սկաուտական միաւորի Արի-արենուշական հատուածէն կազմուած դրօշակակիր խումբին, կատարուեցաւ միութեան վաստակաւոր վարչական անդամ Յակոբ Յարութիւնեանի յուշաքարին առջեւ եւ ննջեցեալ միութենականներու պատկերներու ներքոյ: Միութեան 60-ամեակի նշման յանձնախումբի խօսքը ընթերցեց Մանիա Ղուկասեան, որմէ յետոյ ներկաները խնկարկեցին ննջեցեալներու հոգիներու խաղաղութեան համար:
Արարողութեան ներկայ էին ազգային մարմիններու ներկայացուցիչները, շրջանիս Հայ դատի ներկայացուցիչը, միութեան եւ Շահինշահրի մասնաճիւղի վարչական անդամները, յոբելենական յանձնախումբի անձնակազմը, միութեան Սկաուտական միաւորի Արի-արենուշական հատուածներու եւ Երէց փաղանգի զգեստաւորած անդամները, ննջեցեալ միութենականներու ընտանիքի անդամները եւ միութենականներ:
Հոգեհանգստեան արարողութենէն յետոյ միութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն, ուր թեմակալ առաջնորդ Սրբազան Հայրը հայրական իր խօսքին մէջ նախ գնահատանքի խօսք ուղղեց Մ.Կեդրոնական վարչութեան եւ 60-ամեակի յոբելեանական յանձնախումբին` հոգեհանգստեան արարողութիւնը կազմակերպելու առումով եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ մեծ թիւով միութենականներ մասնակից եղան արարողութեան եւ աւելցուց, որ այսօր «Արարատ» միութիւնը կը տօնէ իր 60-ամեակը եւ կը ներկայանայ իր հարուստ անցեալով, նոյն խանդավառութեամբ եւ վարչական անդամներու ու միութենականներու նոյն անսակարգ նուիրումով կը շարունակէ իր երթը: Սրբազան հայրը նաեւ կարեւոր համարեց միութեան դերը` մարզա-մշակութային ոլորտին մէջ առողջ սերունդ դաստիարակելու առումով: Աւարտին Աստուծմէ հայցեց, որ ննջեցեալ միութենականներու հոգիներուն խաղաղութիւն պարգեւէ ու անոնց երկնային լուսեղէն պսակին արժանացնէ, իսկ ներկայիս աշխատող միութենականներուն օրհնեց եւ ուժ ու կորով մաղթեց անոնց, որպէսզի շարունակեն այս նուիրական առաքելութիւնը` ի խնդիր թեմի զաւակներու առողջ դաստիարակութեան: Սրբազան հայրը իր ելոյթը եզրափակեց աղօթքով:
Նշելի է, որ ծրագիրը կը վայելէր թեմակալ առաջնորդ Սրբազան հօր հովանաւորութիւնը:
Լուսանկարները` հեղինակին