Եկեղեցական Խորհրդաժողով՝ Արեւմտեան Թեմի 90ամեակին Առիթով

ՊԸՐՊԵՆՔ.- Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդութեան դիւանը կը հաղորդէ, որ թեմի պաշտօնական հաստատման 90ամեակին առիթով, ա՛յլ ծրագիրներու շարքին, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի նախագահութեամբ, Փետրուար 2-3ին կայանալիք եկեղեցականներու խորհրդաժողովին ծրագիրը մշակուած է: Թեմի 90ամեակի նշումին հիմնական նպատակն է հոգեւոր շարժում եւ կրօնական զարթօնք ստեղծել, նկատի ունենալով կրօնական, ընկերային եւ բարոյական մտածողութեան, ըմբռնումներու եւ արժէքներու անկումը ու լուսանցքայնացումը:
Խորհրդաժողովին ընթացքին, եկեղեցական, աստուածաբանական, ընկերային եւ բարոյական ժամանակակից նիւթերով ու հարցերով ուսումնասիրուած զեկոյցներ պիտի ներկայացնեն Արեւմտեան թեմի որոշ եկեղեցականներ: Ընտրուած նիւթերը պիտի առաջնորդեն համապատասխան քննարկումներու, գործնականապէս նպաստելու համար կրօնական դաստիարակութեան եւ քրիստոնէական կեանքի զարգացման:
Որպէսզի եկեղեցին կարենայ պահել եւ զօրացնել իր առաքելութեան այժմէութիւնը եւ կենսունակութիւնը, պարտաւորութեան տակ կը գտնուի աստուածաշնչական, բարոյական եւ ընկերային ժամանակակից շունչով արտայայտուելու, լուսաւորելու, ուղղութիւն եւ հոգեւոր բաւարարութիւն տալու հաւատացեալներուն: Եկեղեցին կը փորձէ վերարժեւորել եւ վերասահմանել իր սկզբունքները եւ արժէքները: Հայ եկեղեցւոյ դիմաց կան անսպառ կարելիութիւններ: Այս նպատակով, նշեալ խորհրդաժողովին քննարկումի պիտի ենթարկուին հետեւեալ նիւթերը.
1. Երիտասարդներու գործօն մասնակցութիւնը եկեղեցւոյ կեանքին (Մեսրոպ քհնյ. Աշ).
2. Ոչ ուղղափառ կամ կրօնական տարբեր հոսանքներու եւ կազմակերպութիւններու այլասերումի վնասակար դերը մեր ժողովուրդին մէջ (Եղիա քհնյ. Եսայեան).
3. Բարեպաշտութիւնը եւ ծիսական պաշտամունքը՝ քրիստոնեայի հոգեւոր կեանքին իբրեւ աղբիւր (Զաւէն քհնյ. Մարկոսեան).
4. Քրիստոնէական վկայութիւն՝ նոր ժամանակներու մէջ (Գրիգոր քհնյ. Զաքարեան).
5. Հայ եկեղեցւոյ ազգային դիմագիծի հասկացողութիւնը (Յովէլ քհնյ. Օհանեան).
6. Փնտռտուք քրիստոնէութեան իսկական ակունքներուն (Աւետիս քհնյ. Աբովեան).
7. Եկեղեցին ինչպէ՞ս դարձնել ժամանակակից (Վազգէն քհնյ. Մովսէսեան).
8. Եկեղեցւոյ դիմագրաւած ընկերային եւ բարոյական հարցերը (Յարութիւն քհնյ. Թաշճեան).
9. Եկեղեցին սուրբերու խումբ չէ, այլ՝ ապաշխարող հաւատացեալներու (Շնորհք Ա. քհնյ. Տէմիրճեան).
10. Հայ եկեղեցին Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ (Սարգիս Ա. քհնյ. Փեթոյեան).
11. Քրիստոնէական հաւատքի պաշտպանութիւնը (Վարդան Ա. քհնյ. Գասպարեան).
12. Հայ եկեղեցին 16րդ եւ 17րդ դարերուն. Հոգեւոր եւ մշակութային զարթօնք (Զաւէն Ա. քհնյ. Արզումանեան).
13. Ս. պատարագի «Ողջոյն»ը կամ «Սիրոյ Համբոյր»ը եւ անոր աստուածաբանական բովանդակութեան դիտաւորութիւնը (Տաճատ Ծ. վրդ. Եարտըմեան).
Խորհրդաժողովին յատուկ քննարկումի պիտի ենթարկուին նաեւ հետեւեալ երկու կարեւոր նիւթերը՝ «Աշխարհական հաւատացեալներուն մասնակցութեան կարեւորութիւնը ծուխերու կրօնական կեանքին մէջ» եւ «Քրիստոնեայ հաւատացեալին պարտաւորութիւնները»:
«Քրիստոնէութեան մարդկային եւ ընկերային արժէքներու փնտռտուքը, պահպանումը, անոնց զարգացումը եւ իւրացումը կենսական պայմաններ են եկեղեցւոյ առաքելութեան եւ հաւատացեալներու կեանքին համար, որովհետեւ մեր համայնքներուն դիմագրաւած կենցաղային, ընկերային, կրօնական եւ եկեղեցական մարտահրաւէրները կը սպառնան հայ քրիստոնեայ անհատը կտրել իր կրօնական-եկեղեցական արմատներէն:
Միայն պահպանելու գաղափարը պարտուողական շունչ մը ունի եւ նոյնիսկ՝ ետքայլի, մաշումի եւ կազմալուծումի տանող երեւոյթ մը կը մատնանշէ: Եկեղեցին այս մտահոգութիւնը կ՛ապրի այսօր», նշուած է դիւանին յղած հաղորդագրութեան մէջ:
Խորհրդաժողովի պատասխանատուն է Տաճատ Ծ. վրդ. Եարտըմեան:

Այս մասին կը յայտնէ Ասպարէզ:

Scroll Up