Արա Կիւլեր Իր 3 մլն Եւրօ Արժողութեամբ Արխիւը Յանձնած Է Էրտողանի Ընկերոջ Կազմակերպութեան
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/11/Արա-Գյուլեր.jpg)
Թուրքիոյ յայտնի հայ լուսանկարիչ Արա Կիւլեր իր 70-ամեայ ֆոթոարխիւը բոլոր հեղինակային իրաւունքներով յանձնած է իշխանութիւններուն պատկանող «Տողուշ» ընկերութեան, կը գրէ News.am-ը:
Թրքական Sozcu պարբերականի փոխանցմամբ` Արա Կիւլեր ստացուած գործարքի արդիւնքով ամսական պիտի ստանայ 50 հազար լիրա: Բացի այդ, «Տողուշ» ընկերութեան պիտի անցնի այն շէնքը, ուր կը գտնուի Ara Kafe-ն եւ Արա Կիւլերի լուսանկարչական գործիքներու հաւաքածուները:
Կը նշուի, որ Արա Կիւլերի արխիւն ու միւս միջոցները շահագործելու համար «Տողուշ»-ը պիտի ստեղծէ յատուկ ընկերութիւն, որուն բաժնետոմսերու 40 տոկոսը կ’ըլլայ Արա Կիւլերի սեփականութիւնը:
Նշենք, որ Արա Կիւլերի արխիւը կը գնահատուի 3 մլն եւրօ: