Ֆրանսահայ Ուսանող Իշխան Թովմասեանի Կարծիքով` Իսլամիստ Ծայրահեղականերուն Ապագայ Չի Սպասուիր

Իշխան Թովմասեան կ’ապրի Ֆրանսայի մէջ: Քոլեջի աւարտական դասարանը փայլուն աւարտելէ յետոյ անոր ուսումնառութեան  հրաւիրած են Քաղաքական հետազօտութիւններու Փարիզի հիմնարկը (Sciences Po): Քննական բոլոր փորձարկումները  յաջողութեամբ յանձնելէ յետոյ Իշխանը դարձած է Ֆրանսայի մէջ ամենապահանջարկ ունեցող բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններէն մէկուն ուսանողը, ուր կը պատրաստեն քաղաքական եւ դիւանագիտական ոլորտի բարձրակարգ մասնագէտներ: Այս համալսարանը ունի գիտահետազօտական կեդրոնի կարգավիճակ եւ շատ երկիրներու ուսանողներու երազանքն է ուսանիլ այստեղ:

Ըստ «Նիտերլանտական օրագիրի»` Sciences Po-ին ուշադրութիւն կը դարձուի ոչ միայն քաղաքական եւ տնտեսական գիտութիւններուն, այլ նաեւ կրթական ոլորտի օրէնքներու ուսումնասիրման, ֆինանսական, գործարարութեան, հաղորդակցութեան, քաղաքաշինական քաղաքականութեան, կառավարման եւ լրագրութեան հմտութիւններուն:

Շնորհալի հայ երիտասարդը ուսման մէջ արդէն գրանցած է որոշակի յառաջադիմութիւն, իր տեսական փորձառնութիւնը իրականացուցած է Ֆրանսայի հայկական դեսպանատան մէջ, մասնակցած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու խորհրդարանի աշխատանքներուն, գիտաժողովներուն: Անոր մասին շատ  գրած են տեղական թերթերու մէջ, ցուցադրած հեռուստատեսութեամբ:

Իշխանի մասին «Նիտերլանտական օրագիրը» դեռ երկու տարի առաջ նոյնպէս անրադարձած է: Շնորհալի հայ պատանին այժմ յաջողութեամբ ուսումը կը շարունակէ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան առնթեր Մոսկուայի միջազգային յարաբերութիւններու (МГ�?МО) հիմնարկին մէջ: Ֆրանսայի յայտնի դէպքերուն հետ կապուած ան յայտնուած է ռուսական մետիայի ուշադրութեան կեդրոնին մէջ: «ТВ Центр» (կեդրոն) հեռուստաընկերութեան «Յատուկ թողարկում» տեղեկատուուական հաղորդման «Եւրոպայի գնդակահարումը» վերնագիրով լրագրական տեղեկատուութեան մէջ ցուցադրուած է, թէ ինչպէս  ֆրանսացի մեր հայրենակիցը իմացած է դէպքերուն մասին ու արձագանքած ատոնց, ցուցադրած են ինչպէս  ան ծաղիկներ կը դնէ եւ կը յարգէ զոհուածներու յիշատակը:

Ֆրանսահայ ուսանողը սարսափելի կը համարէ փաստը. երբ Ֆրանսայի քաղաքացին կը  սպաննէ իր համերկրացին, ան կը կարծէ, որ իսլամիստ ծայրահեղականերուն ապագայ չի սպասուիր:

Scroll Up