«Քոչարին» Թիֆլիսի Սուրբ Գէորգ Եկեղեցւոյ Բակին Մէջ

2015 թուականի Նոյեմբեր 22-ին, Կիրակնօրեայ Սուրբ Պատարագէն յետոյ, Վիրահայոց թեմի Թիֆլիսի Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ բակը վերածուեցաւ իսկական պարային հրապարակի, ուր հասարակութիւնը ի ցոյց բոլորին պարեց աւանդական հայկական «Քոչարին»:
Ձեռնարկը նախաձեռնած էին Վիրահայոց թեմի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու բաժինները` Լեւոն Չիդիլեանի եւ Վալերի Պատալեանի ղեկավարութեամբ: «Քոչարի» հայկական ազգային պարի համընդհանուր կատարման նուիրուած ձեռնարկին ներկայ էին Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան խորհրդական Կարէն Մելիքեան, դեսպանութեան երկրորդ քարտուղար Էլինա Մկրտչեան, թիֆլիսահայ համայնքի պատուաւոր այրեր, բազում հաւատացեալներ, դպրոցականներ, հիւրեր, հասարակայնութեան այլազգի անդամներ:
Ձեռնարկի նպատակն էր աշխարհին ցոյց տալ, որ «Քոչարին» հայկական լեռնաշխարհի ամենապահպանուած ու տարածուած աւանդական պարն է: Այն ԵՈՒՆԵՍԿՕ-ի մարդկութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ներկայացուցչական ցուցակին վրայ ընդգրկելու յայտ ներկայացուցած է Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Այս ձեռնարկով թիֆլիսահայութիւնը իր աջակցութիւնը արտայայտեց մայր հայրենիքի նախաձեռնութեան, կը գրէ armenianchurch.ge կայք-էջը:
Իր օրհնութիւնը յղելով ներկաներուն, Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Վազգէն եպիսկոպոս Միրզախանեան բարձր գնահատեց Թեմի բաժիններու նախաձեռնութիւնը` վերանորոգուած ու բարեկարգուած Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ բակին մէջ հայկական «Քոչարիի» հմայիչ երաժշտութիւնը հնչեցնելու եւ ազգի միասնութեան խորհրդանիշ գեղեցիկ շուրջպարը պարելու համար: Սրբազան հայրը անդրադարձ կատարեց մարտաշունչ պարի զարգացման ուղին, արժեւորելով նախաքրիստոնէական շրջանէն սկիզբ առած եւ մինչեւ օրս իր արդիականութիւնը պահպանած պարի մարտական խրոխտ ոգին, որ նաեւ հայու ինքնութեան դրսեւորումն է:
Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ բակին մէջ «Քոչարիի» կատարման կը մասնակցէին «Հայարտուն» կեդրոնի «Տարօն» պարային խումբը, «Անի» պարային համոյթը պարուսոյց Անգելինա Նազարեան-Քոչեանի եւ «Վանք» պարային համոյթը` պարուսոյց Լիանա Կաշաւանիձէի գլխաւորութեամբ: Պարին միացաւ ներկայ հասարակութիւնը` մեծէն փոքր: