Հայաստան Ներկայացուեցաւ Պուխարեստի Գիրքի Միջազգային Ցուցահանդէսին

Նոյեմբեր 18-ին տեղի ունեցաւ Պուխարեստի Գիրքի GAUDEAMUS միջազգային ցուցահանդէսի ֆրանքոֆոնիայի տաղաւարի հանդիսաւոր բացումը, որուն որպէս Ֆրանքոֆոնիայի միջազգային կազմակերպութեան անդամ արդէն երրորդ տարին կը մասնակցի Հայաստան: Այս մասին կը յայտնեն ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն:

Ֆրանքոֆոն երկիրներու խումբի կազմին մէջ/GADIF Ռումանիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը ֆրանքոֆոնիայի տաղաւարին մէջ ներկայացուց ֆրանսերէնով հրատարակութիւններ, ներառեալ` Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան» ֆրանսերէն թարգմանութիւնը:

Բացման արարողութեան մասնակցեցան Ռումանիոյ նորանշանակ մշակոյթի նախարար Վլատ Ալեքսանտրեսկին, ֆրանքոֆոն երկիրներու դեսպաններ եւ Ֆրանքոֆոնիայի շրջանային հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ:

Ձեռնարկին ՀՀ դեսպան Համլէտ Գասպարեան եւ Ռումանիոյ մշակոյթի նախարար Վլատ Ալեքսանտրեսկին միտքեր փոխանակեցին հայ-ռումանական մշակութային ընթացիկ հարցերու շուրջ:

Պուխարեստի Գիրքի միջազգային ցուցահանդէսի ձեռնարկներու շարքին մէջ Կորինտ հրատարակչութեան տաղաւարէն ներս ներկայացուեցաւ նաեւ ֆրանսացի լրագրողներ Լոր Մարշանի եւ Կիոմ Փերիէի «Թուրքիան եւ հայկական ուրուականը» գիրքի ռումաներէն թարգմանութիւնը:

Scroll Up