ՀԲԸՄ –ՀԵԸ Արին Պարախումբին Յաղթական Վերադարձը Լիբանանեան Բեմ
Notice: get_currentuserinfo is deprecated since version 4.5.0! Use wp_get_current_user() instead. in /home3/azerytoday/public_html/hayerold/wp-includes/functions.php on line 3839
ՀԲԸՄ-ՀԵԸ –ի «Արին» համոյթը ժողովրդային լայն ճանաչում վայելող պարախումբ դարձած է այսօր: Մեծ է «Արին» պարախումբին ներդրումը պարարուեստի զարգացման եւ պահպանման գործին: «Արին» պարախումբը անաղարտ եւ վառ կը պահէ հայ ազգային մշակոյթը եւ հայ պարի ոգին: «Արին»ը լիբանանահայ մշակութասէր հանրութեան ներկայացաւ ճոխ եւ հմայիչ յայտագիրով: Անոր ելոյթները անգամ մը եւս եկան ապացուցելու հանդիսատեսին հետ ստեղծուած հոգեկան անքակտելի կապը:
Յաջորդական երեք օր՝ շաբաթ, կիրակի եւ երկուշաբթի, 14,15,16 Նոյեմբեր 2015, (երկու երեկոյթ, մէկ աշակերտական), ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի կեդրոնական վարչութեան հովանաւորութեամբ, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ « Արին» պարախումբը, պարուսոյց, գեղարուեստական ղեկավար Գայիանէ Մածունեանի գլխաւորութեամբ, «էմիլ Լահուտ»ի անուան Համագումարներու պալատին մէջ համախմբուած մշակութասէր հասարակութեան ներկայացուց ազգագրական, ազգային, ժողովրդային պարերու նոր փունջ մը: Զուտ հայկական հնչերանգներով հարստացած պարերը ունէին դիմագիծ եւ ոճ: Հանդիսատեսը ըմբոշխնեց հայկական պարերու տարաբնոյթ եւ երփներանգ նմուշներ: Այնտեղ էին հանդարտ պարն ու եռանդունը, նազանին ու առնականը, ռազմականն ու քնարականը:
Շաբաթ , 14 Նոյեմբեր 2015-ի երեկոյեան, ի ներկայութիւն՝ հաճելի անակնկալով մը Լիբանան ժամանած ՀԲԸՄ-ի նախագահ Պերճ Սեդրակեանի, Լիբանանի մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեանի, Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպանատան հիւպատոս Աշոտ Վարդանեանի, ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի ատենապետ Ժեռար Թիւֆենքճեանի եւ անդամներ, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեանի եւ անդամներ, Լիբանանի մշակոյթի նախարար Ռէմոն Արաքճիի ներկայացուցիչ Միշէլ Տիւ Շատարեւեանի, ներկայ եւ նախկին նախարաներ, երեսփոխաններ Ժան Օղասապեանի, Յակոբ Գասարճեանի , Շանթ Չինչինանի, Ղասան Մուխայպէրի, Փանոս Մանճեանիի, ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի նախկին վարչական ղեկավարներ Աւետիս Տէմիրճեանի,Կարօ Ճըղլեանի, Նար Խաչատուրեանի, շարք մը միութենական պատասխանատուներու,կրթական մշակներու, մտաւորականներու, արուեստասէր հասարակութեան «Արին» պարախումբը սկսաւ իր փառահեղ ելոյթներուն:
Երեկոյի բարի գալուստի խօսքը (հայերէն եւ արաբերէն) արտասանեց Արազ Չերչեան: Ան ըսաւ, թէ պարարուեստը կ’արտայայտէ ժողովուրդներու քաղաքակրթութեան աստիճանը եւ պարն է միակ մշակոյթը, որ կատարելապէս կը ներդաշնակէ անհատի հոգին եւ մարմինը: « Պարարուեստի շնորհիւ ՀԵԸ-ի մեծ ընտանիքը կը ձգտի պահպանել մեր ազգային նկարագիրը, հայկական ինքնութիւնը: ՀԵԸ-ի «Արին» պարախումբը միաժամանակ հայեցի դաստիարակութիւն կը ջամբէ հայ երիտասարդ-երիտասարդուհիներուն եւ կը նպաստէ հայ մշակոյթի, երգարուեստի ծանօթացման»,- յայտնեց Արազ Չերչեան՝ շեշտելով, որ ՀԵԸ-ի «Արին» պարախումբը կը մնայ հարազատ արժէքներու այն համակարգին, որ բնորոշ է հայ ժողովուրդին եւ նախանձախնդիր կը մնայ պահպանելու համաշխարհային մշակոյթի մէջ հայ ժողովուրդին վերապահուած դիրքը: «Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի տարուան զուգադիպող սոյն ելոյթը մեր հոգիներուն մէջ կը վերակենդանացնէ մեր աւանդութիւնները, կենցաղը, սովորութիւնները եւ մեր դարաւոր մշակոյթը». եզրակացուց Արազ Չերչեան:
«Արին« պարախումբը ներկաները Արեւմտահայաստանէն փոխադրեց դէպի վերածնունդ՝ նորանկախ Հայրեինք: «Արին»ը ներկայացուց հայ ժողովուրդի աւանդութիւնները, կենցաղը եւ առօրեան արտայայտող պարեր:18 պարեր ընդգրկող, երկու արարներու բաժնուած ելոյթները երազի նման անցան: Հանդիսատեսը երկու ժամ մագնիսացած անհամբեր կը հետեւէր զիրար գերազանցող պարերու յաջորդականութեան:
«Արին»ի ներկայացումները միաժամանակ դարձան հայ պարարուեստի տօն: Ժողովուրդը յաճախ կը միանար պարախումբին, կարծէք բոլորը պարելու ժամադրուած ըլլային…: Ներկաները ջերմ խանդավառութեամբ ողջունեցին եւ քաջալերեցին պարախումբը: Պարերու ետին ցուցադրուող տեսաերիզները
«Արին» պարախումբին բեմադրութիւնները շարժեցին հանդիսատեսին միտքն ու հոգին: Ներդաշնակ ու համաչափ պարաքայլերը, պարմանուհիներուն նազանքն ու ճկունութիւնը, տղոց խոյանքը արտայայտող հպարտաքայլ շարժուձեւերը, ռազմապարերը լիացուցին պարարուեստի հանդէպ հանդիսատեսին ծարաւը: Բեմի հարթութեան ներդաշնակ պարողներու թուաքանակը, պարերուն համահունչ գեղեցիկ տարազները, պարային, բեմադրական, լսատեսողական ձեւաւորումներու յաջող համադրումը, պարողներու կատարողական պատրաստուածութիւնը, դիւթող երաժշտութիւնը յաղթական ելոյթներու ապացոյց էին: Յայտագիրին կառուցուածքը զուտ հայկական՝ փոքրիկներէն մինչեւ երէց, աւելի քան 140 պարող-պարուհիները կը հետապնդէին հայկական պարը ճիշդ խողովակներով հասցնել մեր երիտասարդութեան, որպէսզի անոնք առողջ կերպով դաստիարակուին հայկական պարարուեստի իւրայատկութիւններով եւ չտարուին մակերեսային մշակոյթի մոլութեամբ:
Յատագիրի առաջին բաժինը կ’ընդգրկէր «Գողթան»,«Շորոր»,«Ծամերով պար»,«Քաջ տոհմի զաւակներ», «Աղջիկներու պար», «Դու ծաղիկ ես», «Նուպար, Նուպար», «Շատախի ռազմապար» պարերը, նաեւ՝ «Ասի հոգեհանգիստ չէ» Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի յիշատակին խոհական պարը, ուր տառապանքներու տակ բանտարկուած ժողովուրդը կը հաւատայ իր ապագային, վերածնունդին եւ անկախութեան : Երկրորդ բաժինը կ’ընդգրկէր գոյատեւման պայքարի դուրս ելած «Սուրերու պար», «Հայոց գոյներ», «Հոյ նազան»,«Սարէն կու գայ», « Ռոստամ պազի»,«Ծիրանի ծառ», «Նոքթիւրն», «Եարխուշտա» եւ ազգագրական պարերու շարան մը:
Ներկաներուն մէջ ակնյայտ համոզում դարձած էր՝ պարուսոյցին, պարախումբի վարչութեան հետապնդած՝ ազգային մշակոյթը պարարուեստի ճանապարհով վառ պահելու բծախնդիր եւ լուրջ աշխատանքը: Հանդիսականները խանդավառ եւ ջերմ ծափահարութիւններով ողջունեցին պարախումբի անդամ-անդամուհիները, պարուսյոցը, պարախումբի վարչութեան անդամները:
Շնորհաւորական եւ երախտագիտութեան խօսք ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային վարչութեան, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան եւ «Արին» պարախումբի վարչութեան ատենապետ Անի Պոտրումեանի եւ անդամներուն: Ո՞վ կրնայ մոռնալ ամիսներու վրայ երկարող պախարումբի վարչութեան անդամներուն սիրայօժար եւ տքնաջան աշխատանքը: Պարախումբի վարչութիւնը աշխատանքին չի վերաբերիր իբրեւ պար, այլեւ՝ ազգային նկարագիր պահպանելու ազգային ինքնութեան գաղափարախօսութիւնը տարածելու միջոց: Շնորհակալական խօսք «Արին» պարախումբի գեղարուեստական ղեկավար, վաստակաշատ պարուսոյց, տարազներու ձեւաւորման պատասխանատու՝ Գայիանէ Մածունեանին, որ միշտ կը ջանայ մատուցել իր լաւագոյնը: Շնորհակալութիւն՝ տեսալսողական ազդեցութիւններու ձեւաւորման եւ որմազդներու պատասխանատու վարդան Մկրտիչեանին: Շնորհակալութիւն հանդիսութիւններու պատրաստութեան եւ յաջողութեան սատարող բոլոր մարմիններուն, հաստատութիւններուն, անհատներուն, բարեկամներուն եւ պարախումբի անդամներուն ծնողած:
Ազգային պարարուեստի հարազատ պատկերները համակարգուած եւ մաքրազտուած հայկական երաժշտութիւնը, հայկական պարերու նոր մեկնաբանութիւնները, անկասկած նոր հորիզոններ կը բանան ՀԲԸՄ-ՀԵԸ «Արին» պարախումբին աջեւ:
Ապրին ՀԲԸՄ-ՀԵԸ «Արին» պարախումբն ու իրեն սատարող հայորդիները:


Արևելահայերեն
Русский
English
















