Արթուր Աբրահամը Կրկին Աշխարհի Ախոյեան

Հայ  բռնցքամարտիկ, գերմիջին քաշային կարգին մէջ WBO վարկածով աշխարհի ախոյեան Արթուր Աբրահամ պաշտպանեց աշխարհի ախոյեանի տիտղոսը:

«Արմէնփրէս»­ի հաղորդմամբ` Հանովերի մէջ կայացած մենամարտին Աբրահամ կը մրցէր 33-­ամեայ բրիտանացի Մարտին Մարէյի հետ: Աբրահամ բաւականին պաշտպանողական կեցուածով  հանդէս կու գար: Ան կրցաւ յաղթանակի հասնիլ միաւորներու շնորհիւ` 115­-112, 112-­115, 116-­111:

Արթուր Աբրահամ (Աւետիք Աբրահամեան) ծնած է 1980 թուականի Փետրուար 20-­ին, Երեւան: Գերմանիոյ մայրաքաղաք Պեռլինի մէջ կը բնակի 2004 թուականէն: ՀՀ քաղաքացի ըլլալէ բացի` 2005 թուականէն ունի նաեւ Գերմանիոյ քաղաքացիութիւն:

 

Scroll Up