Պոլսահայ Պատգամաւոր Սելինա Տողան Կը Ջանայ Սփիւռքի Նկատմամբ Բացասական Ընկալումը Փոխել

Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր՝ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Սելինա Տողան յայտնած է, որ իր կուսակիցներուն հետ աշխոյժ աշխատանք կը տանի, Թուրքիոյ մէջ թշնամաբար կիրառուող  «հայկական Սփիւռք»ի բացասական ընկալումը փոխելու համար:

Ան այս հաստատումը կատարած է Թուրքիա այցելած հայ լրագրողներու հետ իր հանդիպման ընթացքին։ Նշենք, որ հայ լրագրողները կը մասնակցին Հրանդ Տինքի անուան հիմնադրամին կազմակերպած Թուրքիա-Հայաստան լրագրողներու երկխօսութեան ծրագիրին:

Տողան գոհունակութիւն յայտնած է, որ մամուլի ներկայացուցիչներուն համար բաց ճանապարհ կայ, ինչ որ առիթ կու տայ նման հանդիպումներ կատարելու այն ժամանակաշրջանին, երբ Թուրքիոյ մէջ մամլոյ ազատութիւնը կոպտօրէն կը խախտուի:

Պոլսահայ քաղաքական գործիչը յոյս յայտնած է, որ իր դիրքորոշումը պատճառ կը դառնայ երկու երկիրներուն միջեւ կարծրատիպերը կոտրելու, ինչպէս նաեւ հասարակական կազմակերպութիւններուն, երկու ժողովուրդներուն եւ քաղաքական գործիչներուն միջեւ յարաբերութիւնները ամրապնդելու ու զարգացնելու համար:

Անդրադառնալով հայկական Սփիւռքին՝ Տողան նշած է, որ վերոնշեալ բացասական ընկալումը դրականով փոխարինելու համար, «ամէն պատեհ առիթով կ՛ըսենք, որ այդ մարդիկ Անատոլիոյ մեր քաղաքացիներուն թոռներն են, որոնց պապերը ստիպուած հեռացած են»՝ շեշտելով ներկայ Թուրքիոյ սահմաններէն դուրս ապրող հայերուն հետ կրկին քաղաքացիական կապեր հաստատելու կարեւորութիւնը:

Տողան նաեւ նշած է, որ աշխատանք կը տարուի բռնագաղթի պատճառով քաղաքացիութիւնը կորսնցուցած մարդոց համար քաղաքացիութիւն ապահովելու:

Լրագրողներու հետ հանդիպման ներկայ գտնուած Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան նախագահի տեղակալ Սեզկին Թանրըքուլու յայտնած է, որ Հրանդ Տինք իր մտերիմ ընկերներէն էր, եւ նշած է, որ Տինքի սպանութիւնը երկու ժողովուրդներուն միջեւ կամուրջ ստեղծեց: Ան նաեւ ողջունած է Հրանդ Տինք հիմնադրամին աշխատանքը, որ կը նպաստէ երկու երկիրներուն միջեւ կարծրատիպերը կոտրելուն եւ երկխօսութիւն հաստատելուն:

Scroll Up